Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը ամփոփած է «Սփիւռքի երիտասարդ դեսպան» ծրագրի 2024-25 տարեշրջանի հայաստանեան դասընթացքը:
Այս տարի ծրագրին մասնակցած են 28 սփիւռքահայ երիտասարդ 18 երկիրներէ՝ Ռուսաստանէն, Պելառուսէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Շուէտէն, Լիթվանիայէն, Լաթվիայէն, Լեհաստանէն, Չեխիայէն, Ռումանիայէն, Նետերլանտներէն, Մեծն Բրիտանիայէն, Վրաստանէն, Իրանէն, Աւստրալիայէն, ԱՄՆ-էն, Սուրիայէն եւ Չինաստանէն:
Երկշաբաթեայ ծրագիրը ներառած է դասախօսութիւններ, աշխատաժողովներ, հանդիպումներ, փորձառութեան փոխանակումներ, ինչպէս նաեւ այցելութիւններ պետական, գիտակրթական, մշակութային, հոգեւոր կառոյցներ եւ յիշատակի վայրեր, Հայաստանի մարզեր: Մասնակիցները, դասընթացքի աւարտէն ետք վերադառնալով իրենց համայնքները, տարի մը պիտի իրականացնեն ծրագրով նախատեսուած համայնքային աշխատանքներ:
Ծրագրի փակման արարողութեան ընթացքին Գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան յաջողութիւն մաղթած է սփիւռքի երիտասարդ դեսպաններուն՝ վստահութիւն յայտնելով, որ անոնք պիտի ընդլայնեն իրենց համայնքային գործունէութիւնը եւ պիտի դառնան Գրասենեակի վստահելի գործընկերները: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է ծրագրի գործընկեր «Ջինիշեան» յիշատակի հիմնադրամին:
Խօսք առած է նաեւ «Ջինիշեան» հիմնադրամի առողջապահական ծրագրերու ղեկավար Զառա Ջանիբէկեան՝ անգամ մը եւս ընդգծելով հիմնադրամի պատրաստակամութիւնը համագործակցելու «Սփիւռքի երիտասարդ դեսպան» ծրագրին:
Ֆրանսայէն՝ Սիլվա Սահակեան ընդգծած է հայրենիքը իրատեսօրէն ճանչնալու հանգամանքը, ինչպէս նաեւ հայաստանցի երրտասարդներուն հետ համագործակցելու կարեւորութիւնը:
Նշենք, թէ ծրագիրը կ՚իրագործուի Հայաստանի կառավարութեան եւ «Ջինիշեան» հիմնադրամին գանձատրումով:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։