«Աւարտեցաւ Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի «Քայլ դէպի տուն» ուսումնաճանաչողական ծրագիրը, որ այս տարի ընթացաւ 6 փուլով՝ հիւրընկալելով 13-18 տարեկան 600 սփիւռքահայ պատանի, 20 երկրէ։
Փակման արարողութեան ընթացքին Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց ծրագրին նպատակը՝ նպաստել սփիւռքահայ պատանիներու ազգային ինքնութեան պահպանման եւ հայրենիքի հետ կապի ամրապնդման։ “«Քայլ դէպի տուն»-ը մեր գրասենեակի ամէնամեայ ծրագրերէն է։ Լիայոյս եմ, որ ծրագրի երկու շաբաթներու ընթացքին դուք նորովի բացայայտեցիք Հայաստանն ու ձեռք բերիք ընկերներ, որոնց հետ շփումը կը շարունակէք ծրագրի աւարտէն յետոյ”,– նշեց ան։
Ծրագրի ընթացքին պատանիները յաճախեցին հայերէն լեզուի, հայագիտական առարկաներու եւ ազգային երգուպարի դասընթացքներ, այցելեցին Հայաստանի պատմամշակութային վայրեր ու ծանօթացան առկայ կրթական կարելիութիւններուն։
Յիշեցնենք, թէ ծրագրի հայաստանեան փուլի բոլոր ծախսերը կը հոգայ Հայաստանի կառավարութիւնը»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։