Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան դիմագիրքի իր էջով հաղորդած է, որ Օգոստոս 11-ին Աւստրալիոյ Ազատական կուսակցութիւնը Նոր Հարաւային Կալլէսի մէջ տեղի ունեցած համաժողովին ճանչցած է Արցախի հանրապետութեան անկախութիւնը եւ Թուրքիոյ կողմէ գործուած՝ Հայերու, Ասորիներու եւ Յոյներու ցեղասպանութիւնները՝ դիմելով Աւստրալիոյ կառավարութեան, որ նոյնպէս ճանչնայ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը։
«Քանի մը օր առաջ Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ Ազերպայճանի յարձակողական քաղաքականութիւնը դատապարտող յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ նաեւ Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Կալլէս նահանգի խորհրդարանի հայ-աւստրալիական բարեկամութեան խումբը։
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Աւստրալիոյ Ազատական կուսակցութեան եւ հայ-աւստրալիական բարեկամութեան խումբին՝ նման նախաձեռնութիւններուն համար։ Սա քաղաքական եւ բարոյական կարեւոր աջակցութիւն է Արցախի ժողովուրդին եւ մարդասիրութեան ու բարեկամութեան օրինակելի դրսեւորում։
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ աւստրալահայ համայնքին՝ Արցախին մշտապէս աջակցելուն համար։ Աւստրալահայ համայնքը Սփիւռքի ամէնէն կազմակերպուած օճախներէն մէկն է, որ լծուած է համահայկական հարցերու լուծման եւ մեր ազգային շահերու պաշտպանութեան գործին»,– գրած է նախարար Բաբայեան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։