Օգոստոս 3-ին, ԵԱՀԿ-ի Վիեննայի գրասենեակին դիմաց խաղաղ պահանջատիրական ցոյց կազմակերպուած է Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբան բանալու, մարդասիրական ճգնաժամին վերջ տալու պահանջով։
Ցուցարարները միջազգային բոլոր կազմակերպութիւններուն կոչ յղած են պատիժներ կիրարկելու ընդդէմ Ազերպայճանի բռնապետութեան, ստիպել այդ երկիրը վերջ տալու անօրինական շրջափակման` այդպէսով կանխելով ահագնացող արհաւիրքը։ ԵԱՀԿ-ի Վիեննայի գրասենեակին պաշտօնապէս նամակ յանձնուած է համապատասխան պահանջներով եւ տեղեկութիւններով։
Անտեղեակ անցորդներուն ալ բաժնուած է Արցախի պատմութեան եւ Կեանքի ճանապարհին վերաբերեալ 400 տեղեկատու թերթիկ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։