Նոյեմբեր 16-էն Դեկտեմբեր 23, Հայաստան առանձին տաղաւարով կը մասնակցի Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ տեղի ունենալիք Սուրբ Ծննդեան տօնավաճառին։
Հայկական տաղաւարիn մէջ կը ցուցադրուին շուրջ 40 հայ վարպետներու ձեռագործ աշխատանքներ, ինչպէս՝ կարպետագործութեան, խեցեգործութեան, տիկնիկագործութեան տարբեր նմուշներ և յուշանուէրներ:
1970-ական թուականներէն ի վեր աւանդութիւն դարձած սոյն տօնավաճառը տեղի կ՚ունենայ Վիեննայի պատմական թաղերէն մէկուն մէջ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։