Search
Close this search box.

Աւստրիոյ խորհրդարանը միաձայնութեամբ որդեգրած է Արցախի ժողովուրդին դէմ Ազերպայճանի ցեղային զտումը դատապարտող բանաձեւ մը

 

Հոկտեմբեր 19-ին, Աւստրիոյ խորհրդարանը միաձայնութեամբ որդեգրած է Արցախի ժողովուրդին դէմ Ազերպայճանի գործադրած ցեղային զտումը դատապարտող բանաձեւ մը։ Լուրը կը հաղորդէ Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը, նշելով թէ խորհրդարանի նիստին իբրեւ պատուոյ հիւր մասնակցած է դեսպան Արմէն Պապիկեան։

Բազմաթիւ խորհրդարանականներ հանդէս եկած են Ազերպայճանը դատապարտող ելոյթներով՝ Աւստրիոյ կառավարութեան կոչ ընելով սատար հանդիսանալ Հայաստանին եւ Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր հարթակներու եւ երկկողմ քննարկումներու ընթացքին դատապարտել Ազերպայճանի ռազմական գործողութիւնները, որոնք յանգեցուցած են Արցախէն աւելի քան 100.000 Հայերու զանգուածային բռնագաղթին: