Search
Close this search box.

Բագրատ սրբազանի չքմեղանքը

Դեկտեմբեր 27-ին տեղի ունեցած ասուլիսին՝ «Սրբազան պայքար» շարժումի առաջնորդ Բագրատ սրբազան յայտարարած է, թէ իր գլխաւորած այդ Շարժումի ձախողութեան հիմնական պատճառը եղած է քաղաքական եւ ոչ-քաղաքական ուժերու, պատասխանատուներու նկատմամբ վստահութիւնը, որ վերջ ի վերջոյ սա կամ նա ձեւով ի դերեւ ելած է։

Ան նշած է, որ նաեւ եղած են շարք մը կազմակերպչական խնդիրներ, որոնք կապուած էին ժամանակի սահմանափակման հետ։

“Ես շատ բան չեմ կարող ասել, իմ բարոյականութիւնը թոյլ չի տալիս խօսել այս մասին։ Անկախ ամէն ինչից առաջին պատասխանատուն ես եմ, եւ ես կրում եմ այդ պատասխանատւութիւնը։ Մենք ունեցել ենք ապահովութիւն, որ զանազան գործողութիւններ կ՚իրականացուեն այս կամ այն ճանապարհով, որոնք կը բերեն արդիւնքի, որոնք սակայն վերջ ի վերջոյ չեն իրականացուել”,– ըսած է Բագրատ սրբազան։

Ան աւելցուցած է, որ ըստ շատերու՝ սխալ էր Մայիս 9-ին Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականին համար 1 ժամ տալը, բայց իր կարծիքով` այդ ըլլար 1 ժամ, թէ 5 օր, բան չէր փոխուեր։

“Դրան յաջորդած գործողութիւններն էին, որ մենք յետ ընկանք մեր ծրագրից եւ ոչ միայն պաշտօնանկութեան (Փաշինեանի – «ՆՅ») գործընթացից։ Մենք չհասցրեցինք այդ քայլերի յաջորդականութիւնը բերել այնտեղ, որտեղ պէտք էր։ Ձեզ պէտք է առարկայնօրէն ասել, ես այստեղ սխալուեցի, այնտեղ սխալուեցի…Ողջ ընթացքում սխալուեցի։ Իսկ ճիշտ արածների մասին չէք ուզում խօսել, ոչ մի բան չկա՞ր ճիշտ արած”,– ըսած է ան։

Բագրատ սրբազան ընդգծած է, որ ժողովուրդը այսպէս յանկարծ չէ, որ հաւաքուած է փողոցը, ինք ալ օդէն չէ յայտնուած բեմի վրայ։

Ան յայտարարած է, որ ինք չի կրնար բանալ իրենց ծրագրերու շատ մը փակագիծեր, քանի որ փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ անոնք կը հասնին մինչեւ համապատասխան շրջանակներ, որոնք կը խափանեն զանոնք։

Յիշեցնենք, որ Բագրատ սրբազան Ապրիլէն սկսաւ քաղաքական աշխուժ գործունեութիւն Տաւուշի մարզին մէջ, ապա Երեւանի ու Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ` պահանջելով վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականը։ Հաւաքներու աշխուժութիւնը նուազեցաւ Ազգային ժողովի շէնքին մօտ Յունիս 12-ին տեղի ունեցած բախումներէն յետոյ։

«Սրբազան պայքար» շարժումը որոշ դադարէ ետք Սեպտեմբեր 22-ին հաւաք կազմակերպեց «Կարէն Դեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ։ Յաջորդ եւ վերջին հանրահաւաքը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 2-ին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ։ Այդ օրը Բագրատ սրբազան յայտարարեց, որ պայքարը պիտի շարունակեն այնքան ատեն, ցորչափ Փաշինեան իշխանութենէն չեն հեռացուցած։