Հայաստանի շուրջ միջազգային քաղաքական եւ ռազմավարական ուշադրութիւնը երթալով կը մեծնայ, մա՛նաւանդ նկատի առած՝ Յունուար 7-ին Իլհամ Ալիեւի տեղական լրասփիւռներուն տուած հարցազրոյցի ընթացքին Հայաստանի հասցէին կատարած սարսափելի սպառնական յայտարարութիւնները. «Հայաստանի զինումը սպառնալիք է ամբողջ տարածաշրջանին համար եւ կրնայ յանգեցնել նոր լարումի… Հայաստան ֆաշական պետութիւն է։ Զայն շուրջ 30 տարի ղեկավարած են ֆաշական գաղափարախօսութեան ջատագովները, որոնք իրենց այդ մօտեցումով ալ կերտած են երկիրը։ Անոր համար պէտք է ոչնչացնել այդ ֆաշականութիւնը։ Կա՛մ Հայաստանի ղեկավարութիւնը կ՚ոչնչացնէ զայն, կա՛մ ալ կ՚ոչնչացնենք մենք. այլ ելք չունինք… Զանգեզուրի միջանցքը պէտք է բացուի ու պիտի բացուի։ Որքան շուտ հասկնան՝ այնքան լաւ»։ Դեռ աւելի հեռուն երթալով Ալիեւ Հայաստանին զէնք մատակարարող երկիրներէն պահանջած է ջնջել պայմանագրերը։ Եւ վերջապէս, պահանջած է լուծարքի ենթարկել Մինսկի խումբը։
Այս բոլորին դիմաց Հայաստանի կառավարութիւնը որոշեց ընդառաջել Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ժողովրդային դիմումին, ինչպէս նաեւ համաձայնիլ երկու տարի երկարաձգելու Հայաստանի մէջ ԵՄ-ի Քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան տեղակայումը։ Պաքուի սպառնալից պահանջներուն մաս կը կազմէ նաեւ հեռացումը այդ դիտորդական առաքելութեան, զոր կը նկատէ տարածաշրջանի կայունութիւնը խախտող ազդակ։
Իսկ ինչ կը վերաբերի ԱՄՆ-ու հետ յարաբերութիւններուն՝ նախքան նախագահ Թրամփի իշխանութեան գլուխ գալը, Արտաքին գործոց նախարարներ Պլինքըն եւ Միրզոյեան, Երեքշաբթի, Յունուար 14-ին Ուաշինկթընի մէջ կնքեցին ԱՄՆ–Հայաստան ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագիրը, որ կարելիութիւն պիտի ընձեռէ ընդլայնելու երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը՝ տնտեսութեան, անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան, ժողովրդավարութեան եւ արդարադատութեան ոլորտներուն մէջ։
Ռուսաստանի ղեկավարութեան հակազդեցութիւնները ԵՄ-ի եւ ԱՄՆ-ու հետ Հայաստանի գործակցութեան նախաձեռնութիւններուն՝ սուր են, առարկայական. ռուսական կողմը կը յիշեցնէ կարգ մը առաւելութիւններ, որոնցմէ Հայաստան կ՚օգտուի՝ յատկապէս տնտեսական գետնի վրայ, առանց գործակցութիւնները կասեցնելու կարողութիւնը ունենալու։ Յատկանշական է Ռուսաստանի նախկին նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հեգնական արտայայտութիւնը՝ «Չեմ զարմանար՝ եթէ մօրուքը սափրած Փաշինեան [Ազերպայճանի նախագահի յայտարարութիւններէն ետք] վերյիշէ, որ Հայաստան ՀԱՊԿ-ի անդամ է»։
Այս միջոցին Իրանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը Երեւանի մէջ Փաշինեանի հետ հանդիպումին կրկնած է, թէ Թեհրան կ՚աջակցի «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծի իրականացման՝ այնտեղ ամրագրուած սկզբունքներու հիման վրայ։
Վարչապետ Փաշինեան Ալիեւի սպառնալիքներուն հակադարձեց Յունուար 8-ին Դիմագիրքի իր էջին վրայ 12 կէտերէ բաղկացած գրառում մը կատարելով, ուր կ՚ամփոփէ Հայաստանի կառավարութեան՝ խաղաղութեան ի նպաստ ցայսօր որդեգրած խօսոյթի զանազան դրուագները, կարեւոր ճշդումներ կը կատարէ «Արեւմտեան Ազերպայճան», «Արեւմտեան Հայաստան», «Արեւելեան Հայաստան» եզրերուն մասին։ Կը քննադատէ գաղթականներու հարցը առընչելը «Արեւմտեան Ազերպայճան»-ին։ Կոչ կ՚ընէ հրաժարելու Հայաստանի հանդէպ ռազմաշունչ խօսոյթէ եւ ընդունելու տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ կայունութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատելու Հայաստանի Հանրապետութեան առաջարկը։
12-րդ եւ վերջին կէտը կը վերաբերի Մինսկի խումբի լուծարքի ենթարկման, բայց միայն երբ լուծում գտնեն 30 տարուան հակամարտութեան ընթացքին կուտակուած խնդիրները։
Ակնյայտ է որ Հայաստանի կառավարութեան բազմաբեւեռ ռազմավարութեան մշակումը պէտք է գնահատել երկարաժամկէտ ժամանակահատուածի մէջ։ Անոր կարճաժամկէտ արդիւնաւէտութեան մասին ամերիկեան Stratfor վերլուծական կեդրոնի փորձագէտներու գնահատականը բնաւ դրական չէ. «2025-ին Միացեալ Նահանգներէն լուրջ աջակցութիւն ստանալու Հայաստանի փորձերը անյաջողութեան պիտի մատնուին։ Թրամփի վարչակազմին համար առաջնահերթ են Պաքուի հետ սերտ կապերը՝ որպէս տեղական հակակշիռ Ռուսաստանի, Իրանի եւ Չինաստանի տարածաշրջանային ազդեցութեան»։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։