Մայիս 28-ին՝ Հայոց պետականութեան վերականգնման օրը, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է բազմահազար Արցախցիներու երթն ու հանրահաւաքը:
Երթի մասնակիցները Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ բակէն «Միութիւն, պայքար, յաղթանակ», «Պայքար յանուն Արցախի» կոչերով և այլ հայրենասիրական երգերու ուղեկցութեամբ քալած են դէպի Վերածնունդի հրապարակը, ուր ալ տեղի ունեցած է մեծ հանրահաւաքը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։