Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Վիտալի Բալասանեան Tert.am-ի հետ զրոյցին հերքած է շրջան ընող լուրերը, որ իբրև թէ ազերպայճանական կողմը զինք ձերբակալած է Հակարիի կամուրջը անցնելու ատեն։
«Ես Արցախում եմ, ուրեմն՝ հասցէս գրէք՝ քաղաք Ասկերան, Դանիէլեան փողոց 29։ Ես այստեղ եմ, Արցախից չեմ էլ փորձել դուրս գալ»,– ըսած է ան, դարձեալ պնդելով, որ չի պատրաստուիր Արցախէն հեռանալու։
Նախապէս, Արման Թաթոյեան Դիմագիրքի իր էջին գրած էր, թէ ազերպայճшնական աղբիւրներու համաձայն՝ Հակարիի կամուրջին մօտ Ազերիները ձերբակալած են Վիտալի Բալասանեանը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։