Հայ լեզուի եւ մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքի ծիրին մէջ, զոր կը կազմակերպէ ամէն տարի Օգոստոս ամսուն, 1986 թուականէն ի վեր, Վենետիկի Պո-Արաքս մշակութային միութիւնը, տեղի ունեցան երկու բացառիկ համերգեր Չորեքշաբթի, Օգոստոս 7-ին եւ Հինգշաբթի, Օգոստոս 8-ին։ Երկու համերգ դուդուկի, ընկերակցութեամբ հայկական դհոլի եւ իտալական միջնադարեան «սալթերիօ» նուագարանին, որու յայտնաբերումը, իր դիւանական հետքերուն հետախուզութեամբ եւ վերարժեւորումը համեմատաբար նոր երեւոյթ են։
Առաջին համերգը տեղի ունեցաւ Վենետիկի Սրբոց Առաքելոց հոյակերտ եկեղեցիին մէջ, կառուցուած ԺԱ․ դարուն եւ վերաշինուած ԺԵ․ եւ ԺԶ․ դարերուն, իսկ երկրորդը՝ Սան Թրովազօ եկեղեցիին մէջ, նոյնպէս կառուցուած ԺԱ․ դարուն եւ հիմերէն վերաշինուած ԺԶ․ դարուն։ Երկու համերգներն ալ կը հովանաւորէր Վիթթորիօ Չինի դիւանը եւ անոր նախագահ՝ իշխան Ճովաննի Ալիաթա տի Մոնթերէալէ։
Դուդուկը նուագեց մաէսթրօ Արամ Իփէքճեան, բարձրօրէն գնահատուած դուդուկահար՝ որ կը գործէ յատկապէս Աւստրիոյ եւ Իտալիոյ միջեւ․ իսկ սալթերիօն կը նուագէր մաէսթրօ Ալեսանտրօ Ֆերրարեզէ, որ կը բնակի Ֆերրարա եւ մեծ բաժին ունեցած է սալթերիոյի վերարժեւորման մէջ։ Իսկ դհոլահարն էր Պուրակ Մեսրոպեան, յատկապէս ժամանած՝ Վիեննայէն։
Երկու համերգներուն ալ յայտագիրը կը բաղկանար հայ միջնադարեան մեղեդիներէ, սկսեալ Ժ․ դարէն, մանաւանդ Նարեկացիի գլուխգործոցներէն, հասնելով մինչեւ հայկական ուշ Միջին դար՝ ներառելով նաեւ Սայեաթ Նովայի գլուխգործոցներ։
ԴԻՒԱՆ ՊՈ-ԱՐԱՔՍ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
Վենետիկ, 10 Օգոստոս 2024
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։