Search
Close this search box.

Բեմադիր Երուանդ Մանարեանի արձանը պիտի տեղադրուի Երեւանի մէջ

 

Կառավարութիւնը գումար յատկացուցած է Համազգայինի «Սօս Սարգսեան» թատրոնի նոր շէնքի յարդարանքին համար

Կառավարութեան որոշումով աւելի քան 137 միլիոն դրամ յատկացուած է Համազգայինի «Սօս Սարգսեան» թատրոնի նոր շէնքի ներքին յարդարանքին, ինչպէս նաեւ արուեստագէտ, բեմադիր, բեմագիր, դերասան Երուանդ Մանարեանի արձանի պատրաստութեան եւ տեղադրման աշխատանքներուն համար։ Գումարը տրամադրուած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութեան։

ԿԳՄՄ-ի հասարակության հետ կապերու եւ տեղեկատւութեան վարչութեան համաձայն՝ Համազգայինի թատրոնի նոր շէնքը կառուցուած է, սակայն կը պակսի ներքին յարդարանքը՝ թատերական բնականոն գործունէութեան համար եւ այդ նպատակով կատարուած յատկացումը կը կազմէ 69,7 միլիոն դրամ։

Իսկ Երուանդ Մանարեանի ծննդեան 100-ամեակին առիթով արդէն սկսած են արուեստագէտի արձանի պատրաստութեան աշխատանքները։ 2,8 մեթր բարձրութեամբ արձանը պիտի տեղադրուի Երեւանի «Յովհաննէս Թումանեան» տիկնիկային թատրոնին դիմաց, սալայատակ մայթին: Պրոնզաձոյլ արձանին հեղինակը Հայաստանի Նկարիչներու միութեան անդամ, քանդակագործ Արմենակ Վարդանեանն է։

Երուանդ Մանարեան ծնած է 1924-ին, Իրանի Արաք քաղաքը։ 1946-ին ներգաղթած է Հայաստան։ Որպէս դերասան եւ բեմադիր աշխատած է Երեւանի «Յակոբ Պարոնեան», «Գաբրիէլ Սունդուկեան» թատրոններուն մէջ։ Եղած է «Յովհաննէս Թումանեան» տիկնիկային թատրոնի բեմադիրը, ապա՝ «Ագուլիս» տիկնիկային թատրոնի գեղարուեստական ղեկավարը։ Նոյն պաշտօնը վարած է նաեւ Գորիսի թատրոնին մէջ։ Ան եղած է Քիեւի հայկական տիկնիկային թատրոնի բեմադիրն ու գեղարուեստական ղեկավարը։

Մանարեան նկարահանած է վաւերագրական ու գեղարուեստական շարք մը ժապաւէններ՝ «Հայկական մանրանկարչութիւն», «Միքայէլ Նալպանտեան», «Կառամատոյցի կրպակը», «Լոյս» եւ այլն։ Հեղինակ է բազմաթիւ բեմագրութիւններու։ Մամուլի մէջ հրատարակուած են անոր պատմուածքներն ու յօդուածները։