«Նկատի ունենալով մեր ժողովուրդին ներկայ ընկերատնտեսական վիճակը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի հայրախնամ հովանաւորութեամբ եւ տնօրինումով, Բերիոյ հայոց թեմի ազգային իշխանութիւնը յառաջիկայ օրերուն, իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, պիտի փորձէ նիւթապէս օժանդակել մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Օժանդակութիւնը պիտի ներառէ անխտիր Հալէպի մէջ գտնուող բոլոր հայ ընտանիքները, առանց յարանուանական խտրութեան։
Այս առումով, կը տեղեկացնենք, թէ հեռաձայնով կապ պիտի հաստատուի ընտանիքներուն հետ եւ ըստ այդմ օժանդակութիւնը կը տրամադրուի։
Համբերութիւն, տոկունութիւն եւ աստուածային օրհնութիւն կը մաղթենք մեր սիրեցեալ ընտանիքներուն եւ զաւակներուն»։
Դեկտեմբեր 3
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։