Search
Close this search box.

Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի հայրական խօսքը ուղղուած թեմի զաւակներուն եւ սուրիահայութեան

 

«Աստուածային օրհնութեամբ եւ հայրական սիրով կ՚ողջունենք մեր հայոց թեմի հաւատացեալ ժողովուրդն ու սուրիահայ մեր սիրելի զաւակները Հալէպի Ազգային առաջնորդարանէն եւ ամենայն բարիք կը մաղթենք բոլորիդ։

Այս պատգամով կ՚ուզենք մեր զօրակցութիւնը յայտնել ձեզի, ըսելով ու հաստատելով որ մենք հոս ենք, ձեր կողքին ենք ու ձեզի հետ եւ այստեղ ալ կը մնանք շարունակելու մեր առօրեայ կեանքը, մեր գործը, մեր ծառայութիւնն ու հաւատքի առաքելութիւնը՝ միշտ կառչած ու հաւատարիմ մնալով մեր սկզբունքներուն, մեր եկեղեցական ու ազգային, հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներուն եւ երկրին։

Ճիշդ է դժուար օրերու եւ զանազան անակնկալներու դիմաց կը գտնուինք, այո՛, բայց չենք յուսահատիր ու տկարանար եւ պէտք չէ յուսահատիլ եւ տկարանալ, այլ՝ յոյսով ու հաւատքով կը շարունակենք միշտ լաւ, փայլուն, պայծառ ու բարօր ապագայի տեսլականով։ Հետեւաբար, սիրելինե՛ր, քաջալերուեցէք, գօտեպնդուեցէք, Աստուծմով զօրացէք եւ ձեր ներքին անդորրն ու խաղաղութիւնը պահեցէք, վստահելով որ մենք մեր բոլոր ուժերով ու կարողութիւններով, Աստուծոյ տուած շնորհքով՝ Ազգային իշխանութիւնը, մարմիններն ու պատասխանատուները ամէն ճիգ ու ջանք ի գործ պիտի դնենք օգտակար դառնալու մեր զաւակներուն եւ հասնելու ձեր բոլոր պէտքերուն։ Հետեւաբար հաւատքով աղօթենք, թող Աստուած զօրութիւն եւ համբերութիւն տայ մեզի, որպէսզի գալիքը շատ աւելի հանդարտ եւ դիւրին կերպով դիմագրաւենք եւ կարողանանք մեր կեանքը ապրիլ ու շարունակել բարին ակնկալելով ու տեսնելով։

Աղօթենք, որ աստուածային խաղաղութիւնը հաստատուի ու տիրէ, արդարութիւնն ու իրաւունքը յաղթանակէ ու գործադրուի եւ մեր ժողովուրդը վայելէ աստուածային բարիքներն ու օրհնութիւնները եւ շարունակէ իր բնականոն ընթացքը։ Չայլայլինք սիրելինե՛ր, այլ զօրաւոր ըլլանք, զիրար քաջալերենք, օգտակար դառնանք մէկս միւսին ամէն իմաստով եւ հարցերը շատ աւելի խաղաղ ու հանդարտ դիտենք, որպէսզի որեւէ կերպ ալեկոծութեան չմատնուինք ու սխալ եզրակացութիւններու չյանգինք։

Մենք պիտի շարունակենք մեր առօրեան, մեր եկեղեցական արարողութիւնները, պատարագներն ու ժամերգութիւնները, ինչպէս նաեւ մշակութային, միութենական եւ այլ ձեռնարկները, անշուշտ միշտ օրուան պայմանները եւ կացութիւնը նկատի առնելով։

Դարձեալ կը յիշեցնենք, որ մենք ձեր կողքին ենք եւ ձեր կողքին պիտի մնանք, ուստի քաջ եւ զօրաւոր եղէք, Աստուծոյ վստահեցէք եւ բարին յուսացէք։

Թող Տէրը օրհնէ ձեզ սիրելի՛ քոյրեր եւ եղբայրներ, զօրացնէ ու գօտեպնդէ ձեզ եւ ձեր ձեռքէն բռնած ձեր քայլերը ապահով եւ օրհնութեամբ լեցուն առաջնորդէ։

Աստուածային օրհնութիւն եւ պահպանութիւն բոլորիդ»։