Search
Close this search box.

Բերձորէն, Աղաւնոյէն եւ Սուսէն տարհանուած է 47 յուշարձան

 

Aravot.am Արցախի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանէն փորձած է պարզել, թէ ի վերջոյ ի՞նչ որոշում կայացուած է Ազերպայճանցիներու վերահսկողութեան յանձնուող Բերձորէն, Աղաւնոյէն եւ Սուսէն տարհանուած կոթողային արուեստի յուշարձաններուն վերաբերեալ:

“Հէնց նոր ենք Բերձորից դուրս եկել, վերջին յուշաքարը հանեցինք, եւ բոլոր յուշարձաններն այժմ կեդրոնացուած են մի վայրում, այնուհետեւ արդէն համապատասխանաբար կը քննարկենք դրանց հարցը”,– ըսած է փոխնախարարը:

Ան նաեւ նշած է, որ տարբեր առաջարկներ կան յուշարձաններու տեղակայման վերաբերեալ, որոնք դեռ պէտք է քննարկուին ու յստակացուին. “Ստեփանակերտի Աստուածամօր Սուրբ Յովհանի մայր տաճարի տարածքում պուրակ կայ, Արցախի թեմի հետ ենք քննարկում համապատասխան պուրակ ստեղծելու հարցը: 

Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցու հետ կապուած էլ առաջարկութիւններ ու հետաքրքրութիւններ կան, պուրակներ ստեղծուեն, եւ այդ յուշարձանները տեղակայուեն”:

Լեռնիկ Յովհաննիսեան աւելցուցած է, որ յառաջիկային լուծումներ կը գտնուին: Հարցումին, թէ քանի՞ յուշարձանի մասին է խօսքը, փոխնախարարը պատասխանած է.– “Հիմնականում հանել ենք մոնումենտալ արուեստի յուշարձանները՝ խաչքարեր եւ յուշակոթողներ: Դրանց թիւը 47-ն է”: