Search
Close this search box.

«Բերձորի միջանցքին անխափան բանելէն ետք միայն կարելի է քննարկել այլընտրանքային տարբերակներ»

 

Ստեփանակերտէն հակադարձած են ռուսական «Կոմերսանտ»-ի հրապարակումին

«Ազատութիւն» լրասփիւռի հետ զրոյցին, Արցախի խորհրդարանի իշխող «Ազատ հայրենիք- ՔՄԴ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Յարութիւնեան յայտարարած է, թէ Բերձորի միջանցքին անխափան բանելէն ետք միայն այլընտրանքային տարբերակները կրնան քննարկման առարկայ դառնալ։

“Մենք յստակ կ՚ըսենք, որ ունինք ստորագրուած փաստաթուղթով Բերձորի միջանցք, որ պէտք է անխափան բանի, իսկ ատկէ ետք միայն այլընտրանքային տարբերակները կրնան քննարկման ենթարկուիլ”,– ըսած է երեսփոխանը։

Նշենք, թէ ռուսական «Կոմերսանտ»-ը՝ յղում ընլով պետական լաւատեղեակ պաշտօնեայի մը յայտարարութիւններուն, գրած է, որ Ռուսաստան առաջարկած էր բանալ Ակնայի (Աղդամ) ճամբան եւ մէկ օր ետք ալ՝ Բերձորինը, սակայն Արցախահայերը պայման դրած են, որ երկու ճամբաները միաժամանակ բացուին։ Անոնք նաեւ պահանջած են, որ Ակնայով ազերպայճանական ապրանքներ չմատակարարուին։ Ի վերջոյ ալ տեղի ունեցած է Վագիֆ Խաչատրեանին առնչուող դէպքը եւ փոխզիջումը չէ կայացած։

“Ո՞վ է ըսեր, որ Արցախի ժողովուրդը պէտք է ապրի միայն մարդասիրական օգնութեան շնորհիւ, ո՞ւր գրուած է այդ. աշխարհի վրայ կա՞յ այլ ժողովուրդ մը, որ պէտք է մարդասիրական օգնութեամբ ապրի, իսկ այդ տարբերակները, որոնց մասին կը խօսուի եւրոպական եւ ռուսական հարթակներու վրայ, այնպիսի տպաւորութիւն կը թողեն, որ Արցախի ժողովուրդը պէտք է ապրի մի՛այն մարդասիրական օժանդակութեամբ, իսկ իրենց համար կարեւոր չէ թէ այդ կատարուի Ակնայի կամ Բերձորի միջանցքով”,– շեշտած է Արթուր Յարութիւնեան, աւելցնելով որ Արցախի համար անհասկնալի ու անընդունելի է միջնորդներուն կամ գլխաւոր դերակատարներուն այդպիսի մօտեցումը։

Հարցումին, թէ Պաքու ինչո՞ւ կ՚ուզէ Ակնայի ճամբով բեռներ փոխադրել Արցախ, երեսփոխանը պատասխանած է. “Ազերպայճանի դիրքորոշումը յստակ է՝ մենք կը գիտենք, թէ իրենք այդպէսով ի՛նչ կ՚ուզեն ընել. անոնք կ՚ուզեն Արցախահայութիւնը ցեղային զտման ենթարկել, յաջորդ օրը բանալ Բերձորի միջանցքը, երեք-չորս օր յետոյ դարձեալ փակել եւ ըսել՝ տեսէք, հիմա կայ Ակնայի այլընտրանքը, կրնաք այդտեղէն բեռներ փոխադրել։ Մենք յստակ փաստաթուղթով ունինք Բերձորի միջանցք հասկացութիւնը, զոր բոլորը թողած են մէկ կողմ, կը խօսին չէք գիտեր ինչ այլ այլընտրանքային ճանապարհներու մասին։ Ուղղակի ապշեցուցիչ է, չի տեղաւորուիր որեւէ տրամաբանութեան մէջ”։

Նշենք, թէ ցարդ Երեւան պաշտօնապէս չէ մեկնաբանած «Կոմերսանտ»-ի մէջ տեղ գտած յայտարարութիւնները։

Յիշեցնենք, թէ Յուլիս 14-ին, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով՝ Պաքուի մէջ Կարմիր Խաչի ներկայացուցչութեան հետ հանդիպումին յայտնած էր, թէ «Ղարաբաղի Հայերուն կարիքները բաւարարելու համար Պաքու չի բացառեր Աղդամ-Ստեփանակերտ ճամբով “օգնութիւն ցուցաբերելու” կարելիութիւնը»։ Անկէ մէկ օր վերջ՝ Յուլիս 15-ին, Պրիւսէլի մէջ Փաշինեան-Ալիեւ–Միշէլ եռակողմ հանդիպումէն ետք, Եւրոպական խորհուրդի նախագահը կարեւոր համարած էր Ակնայի ճամբով մարդասիրական մատակարարումներ կատարելու Ազերպայճանի պատրաստակամութիւնը՝ միաժամանակ շեշտելով, որ Արցախը Հայաստանին կապող Բերձորի միջանցքը պէտք է բացուի։ Այս կապակցութեամբ Ստեփանակերտէն հակազդած էին, յայտարարելով թէ Ազերպայճան կը փորձէ նուաստացուցիչ «մարդասիրութիւն» մատուցել Արցախցիներուն, ընդգծելով որ «մէկուն կարելի չէ պարտադրել գոյութեան միջոցներ ստանալ մէկէն, որ բացայայտօրէն կը սպանէ կամ կը սպառնայ սպանել զինք»: