Search
Close this search box.

ԲԻՒՐԱԿԱՆ – Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 12-րդ բանակումը աւարտեցաւ հայութեան «խրոխտ, խիզախ եւ միշտ պատրաստ» կամաւոր բանակը մնալու յանձնառութեամբ

Ինը օրուան սկաուտական յայտագրերէ, մրցանքներէ, մշակութային ճոխ առօրեայէ եւ բանակավայրէն դուրս կատարուած այցելութիւններէ ետք, Շաբաթ, Յուլիս 29-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» բանակավայրին մէջ իր աշխատանքները աւարտեց համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 12-րդ բանակումը, յիշատակելի նոր էջ մը աւելցնելով 105-ամեայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի արդի պատմութեան մէջ։

Իրենց ներկայութեամբ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումի փակման արարողութիւնը պատուեցին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տիգրան Պապիկեան, Իրանի Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան ատենապետ Սոֆի Ջաղարբէկեան, Հ.Օ.Մ.-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարօ Քէշիշեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ եղբայրներ Բագրատ Եսայեան եւ Իշխան Եղիայեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի ընտանեկան պարագաները, ազգային բարերար Գաբրիէլ Չէմպէրճեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի բարեկամներ եւ արտասահմանէն ժամանած մեծաթիւ ծնողներ։

Փակման արարողութիւնը ընթացք առաւ Հայաստանի եւ Արցախի փառերգերուն կատարողութեամբ։

Այս առիթով կատարուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական բարձրագոյն կարգի տուչութիւն 34 քոյր-եղբայրներու, որոնք անցնող երկուքուկէս տարիներուն առցանց դասախօսութիւններով, ապա՝ բանակումի ընթացքին միօրեայ յատուկ հանդիպումով տիրացան «Արարատեան» կարգի գիտելիքներուն, մշակեցին եւ գործադրեցին սկաուտական ծրագրեր եւ ի վերջոյ արժանացան իրենց աշխատանքին արդար արգասիքը նկատուող «Արարատեան» կարգի փողկապին եւ շքանշանին, զորս փակման արարողութեան ընթացքին ստացան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եղբայրներու կողմէ։

Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի խօսքը հաղորդեց վարչութեան ատենապետ քոյր Սանտրա Վարդանեան։ Ան նշեց. “Կը փափաքիմ դարձեալ յիշեցնել, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Արցախի ներկայացուցիչը իր շրջապատին մէջ՝ կոտրելով այն լռութիւնը, որ որդեգրուած է, աղաղակելու այն խնդիրները, զորս այս պահուն կը դիմագրաւեն մեր քոյրերն ու եղբայրները Արցախի մէջ եւ անդրադառնալու այն բոլորին, ինչ որ կը կատարուի մեր հայրենիքին շուրջ”։

Փակման արարողութեան եզրափակիչ պատգամը հաղորդեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան։

Պատգամին սկիզբը Նաճարեան նշեց. “Փակման այս արարողութիւնը պարզապէս հրաժեշտ չէ, այլ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի աշխարհասփիւռ համակիրներուն համար վկայութիւն է, հաստատո՛ւմ է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հանդէպ ցուցաբերուող ազգային միասնութեան եւ հաւատքին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի աշխատանքներուն հանդէպ մեծ վստահութեան՝ Հայրենիքի, Արցախի թէ Սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ”:

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ բանակումին ընդհանուր գնահատումը կատարելով, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը յայտնեց. “Հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն, երբ կը կանգնինք այստեղ, Հ.Մ.Ը.Մ. կը փաստէ, որ աւելի քան պարզ կազմակերպութիւն մըն է։ Հ.Մ.Ը.Մ. ունի 105 տարուան ժառանգութիւն եւ կը շարունակէ զօրանալ անցնող իւրաքանչիւր օրուան ընթացքին։ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 12-րդ բանակումը վկայութիւնն է ապագայ հայ տիպար քաղաքացիներ պատրաստելու, յաջող ղեկավարներ դաստիարակելու, տարբեր գաղութներու միջեւ կամուրջներ կառուցելու եւ Սփիւռքը Հայրենիքին կապելու ու մանաւանդ՝ հայկական իրականութեան մէջ հպարտութեան զգացում սերմանելու աշխատանքին”:

Շարունակելով, Վաչէ Նաճարեան նշեց. “Թող այս բանակումը ծառայէ իբրեւ փարոս՝ լուսաւորելու գալիք սերունդներու ճանապարհը: Երբ վերադառնաք ձեր երկիրները, ձեզի հետ տարէք այստեղ ձեռք բերած փորձառութիւնները, բարեկամութիւնները եւ սորված միութենական արժէքները: Ձեր դերը՝ իբրեւ մասնակից այս բանակումին, կ՚երթայ այս բանակավայրի սահմաններէն անդին։ Եղէք մեր ազգի պատմութեան յաջորդ էջին դրական փոփոխութիւններուն կորիզը՝ միշտ օգնելով ուրիշին, բարձրանալով եւ բարձրացնելով: Ձեր դաստիարկութենէն մեկնած՝ օրինակ եղէք, ձեր քաջութեամբ, նուիրումով եւ յարատեւող ոգիով։ Աշխարհը թող ականատեսը ըլլայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը բնորոշող միասնութեան ուժին, որովհետեւ միասնաբար, իբրեւ կամաւոր բանակ, կրնանք յաղթահարել ամէն խոչընդոտ եւ այդ ուժը դնենք ի սպաս մեր ազգի յարատեւութեան, որպէսզի ան յաղթական դուրս գայ իրեն սպառնացող բոլոր մարտահրաւէրներէն”:

Հուսկ, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը իր պատգամը եզրափակեց ըսելով. “Թող Հ.Մ.Ը.Մ.-ի բոցը յաւիտեան վառ մնայ ձեր սրտերուն մէջ։ Վարձքը կատար բոլորին եւ մեր ժամադրութիւնը չորս տարի ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի երկրորդ հարիւրամեակի երկրորդ բանակումին”։

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետին պատգամէն ետք, բանակումին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի քայլերգերով վար առնուեցան բանակավայրին մէջ ինը օր ծածանած դրօշակները։ Ըստ ընդունուած կարգի, երկիրներու դրօշակները յանձնուեցան բանակումի հերթապահ Արամ Գայսէրեանին, իսկ բանակումին դրօշակը՝ բանակումի ընդհանուր խմբապետ Պօղոս Մահպուպեանին։

Փակման պաշտօնական արարողութեան յաջորդեց ազգագրական-տոհմիկ երգերու համերգ՝ կատարողութամբ երգիչ Ներսիկ Իսպիրեանի։ Համերգը աւարտեցաւ ազգային-յեղափոխական երգերով եւ Հայութեան «խրոխտ, խիզախ եւ միշտ պատրաստ» կամաւոր բանակը մնալու յանձնառութեամբ։