Search
Close this search box.

Բողոքի ցոյցեր Հայաստանի մէջ

Արցախի վրայ ազերպայճանական վերջին յարձակման սկիզբէն Հայաստանի մէջ թափ ստացած են բողոքի ցոյցերը, որոնք արդէն պարբերաբար տեղի կ՚ունենային,  հասարակաց յայտարար ունենալով երկրին իշխանութիւններուն հրաժարման պահանջը։ Այս ցոյցերը կ՚ըլլան երբեմն բազմամարդ, երբեմն՝ նուազ, որոնցմէ սակայն անպակաս կ՚ըլլան միջադէպերը ոստիկանութեան հետ, որու՝ ըստ ոմանց անհամաչափ միջամտութիւնները յաճախ մատնացոյց կ՚ըլլան։

Վերջին շրջանի շարք մը կարեւոր զարգացումեր,– ոմանց համար՝ արդէն Ռուսաստանի դաւաճանութեան ապացոյցի համարժէք,– ռուսամէտ-հակառուս խոր բեւեռացում մըն ալ ստեղծած են երկրէն ներս։ Իշխանամէտ շրջանակներուն համոզումով՝ այս ցոյցերը տեղի կ՚ունենան Ռուսաստանի դրդումով, քաոս ստեղծելով՝ կառավարութիւնը տապալելու միտումով, ինչ որ բողոքողները կը հերքեն կտրականապէս։ Վերջիններս որպէս իրենց միակ շարժառիթ յառաջ կը քշեն «Արցախը յօժարաբար զիջած, ապազգային, անկարող ղեկավարութենէն փրկութիւնը»։ Օրէ-օր շեշտուող այս երկբեւեռացման ենթախորքին վրայ,– եւ (դատելով ստորեւ տրուած հաղորդագրութենէն) անկասկած նաեւ Երեւանի՝ հետզհետէ դէպի Արեւմուտք յարումէն անհանգստացած,–  է որ Մոսկուա յայտարարած է, թէ կապ չունի այս ցոյցերուն հետ։  

«Ռուսաստան կապ չունի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերուն հետ»

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Սեպտեմբեր 25-ին հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր մասնաւորապէս նշուած է.

«Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խումբին անպատասխանատու մօտեցումը յառաջացուցած է հայ հասարակութեան մէկ մասի հասկնալի դժգոհութիւնը, որ կը դրսեւորուի ժողովրդական բողոքի ցոյցերով. պնդումները առ այն, որ զանոնք ոգեշնչած է Ռուսաստանը, իրականութեան հետ կապ չունին։

Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը պէտք է քաջ գիտակցի, որ Մոսկուա նման բաներով չի զբաղիր, ի տարբերութիւն Արեւմուտքի, որ բաւական հմուտ է «գունաւոր յեղափոխութիւններ» կազմակերպելու գործին մէջ, բայց տարօրինակ պատահականութեամբ նախընտրեց չնկատել Երեւանի իշխանութիւններու կողմէ ցուցարարներու հետապնդման բազմաթիւ փաստերը: Միաժամանակ, ինչպէս ծանօթ է, ԱՄՆ-ու դեսպանը սերտ կապեր ունի իշխանութեան հետ եւ այդ ենթախորքին վրայ, ակնյայտօրէն իշխանութիւններու դրդումով, հայաստանեան մամուլին մէջ ծաւալ առած է իսկական հակառուսական վակխանալիա (խրախճանք՝ ի պատիւ գինիի)։

Համոզուած ենք, որ Երեւանի ղեկավարութիւնը մեծ սխալ թոյլ կու տայ՝ միտումնաւոր փորձելով քանդել Հայաստանի եւ Ռուսաստանի բազմաբնոյթ ու դարաւոր կապերը եւ երկիրը դարձնելով Արեւմուտքի աշխարհաքաղաքական խաղերու պատանդը։ Մենք վստահ ենք, որ Հայաստանի բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը գիտակից է այս հարցին»: