Գագիկ Ջհանգիրեան հրաժարած է ԲԴԽ-ի անդամի պաշտօնէն

Յուլիս 1-ին, Բարձրագոյն դատական խորհուրդի (ԲԴԽ) նախագահի պաշտօնակատար Գագիկ Ջհանգիրեան առողջական խնդիրներ պատճառաբանելով հրաժարած է ԲԴԽ-ի անդամի պաշտօնէն:

Ի դէպ նշենք, որ ԲԴԽ-ի նախկին ղեկավար Ռուբէն Վարդազարեան, որուն լիազօրութիւններուն վերջ տրուեցաւ, վերջերս հրապարակած էր իր ու Գագիկ Ջհանգիրեանի մէկ զրոյցին գաղտնի ձայնագրութիւնը, ուր վերջինս կը յորդորէր Վարդազարեանին՝ պաշտօնէն հեռանալ, երաշխաւորելով որ՝ այդ պարագային անոր դէմ քրէական գործ չեն յարուցեր։ 

Այս ձայնագրութեան բացայայտումէն ետք՝ յա՛տկապէս ընդդիմութիւնը, բայց նաեւ քաղաքական հասարակութենէն լայն խաւ մը ընդհանրապէս, պահանջած էին Ջհանգիրեանի, նոյնիսկ ԲԴԽ-ի ամբողջ անձնակազմի հրաժարականը։

Ջհանգիրեան 2021  Յունուար 22-ին ՀՀ Ազգային ժողովին կողմէ ընտրուած էր Բարձրագոյն դատական խորհուրդի անդամ: 2021  Ապրիլ 15-էն նոյն խորհուրդի նախագահի պաշտօնակատարն էր: