Հոկտեմբեր 12-ին, Ֆրանսայի Ծերակոյտի նիստին, Կառավարութեան ուղղուած հարցում-պատասխանի ընթացքին ելոյթ ունենալով Եւրոպական հարցերու եւ Արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Գոլոնա յայտարարած է, թէ Ազերպայճան ծրագրած ու կազմակերպած էր Արցախէն աւելի քան 100.000 հայերուն տեղահանութիւնը։
“Այո՛, Ազերպայճան ծրագրած եւ կազմակերպած է աւելի քան 100 հազար Հայերուն տեղահանութիւնը Լեռնային Ղարաբաղէն, սա չափազանց ծանր յանցագործութիւն է, որուն չի կրնար չհետեւիլ հակազդեցութիւնը”,– շեշտած է տիկին Գոլոնա։
Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը անմիջապէս հակազդած է ֆրանսացի դիւանագէտին յայտարարութեան եւ նշած թէ «Ֆրանսա շահագրգռուած է շարունակելով իր նենգ եւ երազկոտ քաղաքականութիւնը՝ հակառակ միջազգային կազմակերպութիւններու կարծիքին եւ նոյնիսկ Հայաստանի վարչապետի Սեպտեմբեր 21-ի յայտարարութեան»:
Պաքու «անգամ մը եւս ֆրանսական կողմին կը յիշեցնէ, որ Ազերպայճանի հետ սպառնալիքներու եւ ճնշումի լեզուով խօսակցութիւնները ո՛չ մէկ արդիւնքի կը յանգին, եւ նման ապակառուցողական գործողութիւնները պէտք է անմիջապէս դադրեցուին»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։