Search
Close this search box.

ԳԱԼԻՖՈՐՆԻԱ. Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընտրուած է Էլէն Ասատրեան

Էլէն Ասատրեան ընտրուած է Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ՝ ութ թեկնածուներէն բաղկացած ընտրապայքարին մէջ, գրաւելով երկրորդ տեղը եւ դառնալով քաղաքի առաջին ներգաղթեալը, առաջին հայ եւ ամէնէն երիտասարդ կինը, որ ընտրուած է խորհուրդի անդամ։ 

Ասատրեանի երդման արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ Յուլիս 12-ին, Քաղաքապետական խորհուրդի պալատին մէջ։ 

39-ամեայ Էլէն Ասատրեան ծնած է Հայաստան եւ 10 տարեկանին ընտանիքին հետ փոխադրուած է Կլենտէյլ։ “Կը յուսամ, որ այս յաղթանակը կ՚ոգեշնչէ կիները եւ մա՛նաւանդ աղջնակները, թէ անոնք տեղ ունին կառավարութեան եւ քաղաքականութեան մէջ”,– ըսած է ան։