«Ասպարէզ» – Հոկտեմբեր 13-ին, Հոլիվուտի «Տաղլեան» մշակութային համալիրի սրահին մէջ տեղի ունեցած է Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի կալա-ընթրիքը, ուր Համախմբուած են աւելի քան 500 հիւրեր։ Ձեռնարկին տեղի ունեցած նուիրահաւաքին Համազգայինի սեփական կեդրոնի ի նպաստ հանգանակուած է 2 միլիոն 100 հազար տոլար:
Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, թէ կեդրոնի մեծագոյն նուիրատուներն են տէր եւ տիկին Արիս եւ Անճէլա Սթամպուլեան՝ 1 միլիոն ամերիկեան տոլարի, ու տէր եւ տիկին Ալպէր եւ Թէրրի Պէզճեան՝ 500 հազար տոլարի նուէրներով, ի յիշատակ իրենց մօր Ալիս Պէզճեանի:
Ապագայ սերունդին համար Համազգայինի Արեւմտեան շրջանի մշակութային կեդրոն մը ունենալու երազը իրականացնելու ճամբուն վրայ կազմակեպուած ձեռնարկը փայլուն յաջողութեամբ պսակուած է՝ շնորհիւ ազնիւ եւ մեծասիրտ բարերարներուն:
Նոր կեդրոնը պիտի կոչուի «Համազգայինի Սթամպուլեան Մշակութային Կեդրոն», իսկ հանդիսարահը եւ ցուցասրահը պիտի կոչուին Ալիս Պէզճեանի անոպնով, յաւերժացնելով անոր յիշատակը:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։