Վերջին օրերուն հայկական ընկերային ցանցերու վրայ կայծակնային արագութեամբ տարածուեցաւ Կիպրոսի Կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի մէկ տեսանիւթը, ուր ան մինչ կը պատրաստուի ուղերձ մը տեսագրելու եւ կը սկսի ալ իր ուղերձը եւ յանկարծ անծանօթ պատճառներով (ըստ երեւոյթին տեսագրութեան ընթացքը խանգարող մէկուն զայրանալով) ամէնէն ծանրակշիռ հայհոյանքներէ փունջ մը կը շարադասէ, թեւի տգեղ շարժումներով օժտելով զանոնք, մէկ խօսքով կղերականի վայել վարքէն շատ տարբեր «նմուշ» մը կը հրամցնէ։
Այս միջադէպէն ետք, Կիպրոսի Հայոց թեմի դիմագիրքեան էջին հրապարակուած Թեմի հաղորդագրութենէն կը տեղեկանանք, թէ խնդրոյ առարկայ հոգեւորականը ցնոր տնօրինութիւն հեռացուած է իր պաշտօնէն։ Հաղորդագրութեան մէջ կ՚ըսուի.
«Մեր Թեմի ժողովուրդին այսու կ՚ուզենք յայտնել, որ Թեմիս կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք․ Տողրամաճեան յատուկ նամակով դիմած է ՆՍՕՏՏ Արամ․ Ա․ վեհափառ հայրապետին եւ ցաւ յայտնած ու ներողութիւն խնդրած իրեն հետ կապուած վերջին պատահարին համար։
Վեհափառ հայրապետի թելադրանքով, Սրբազանը որոշ ժամանակ պիտի բացակայի Թեմէն՝ ցնոր տնօրինում։
Այս առիթով կ՚ուզենք յայտնել, որ Ազգային առաջնորդարանը կը շարունակէ իր բնական աշխատանքները ծանօթ ժամանակացոյցով։
ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ»
***
Խնդրոյ առարկայ հոգեւորականը ճակատագրով իրապէս անբախտ մէկը ըլլալու է։ Քանզի այս միջադէպը, որ առանձինն արդէն բաւական վրդովեցուցիչ է, կը պատահի այնպիսի պահու մը, երբ տիւ եւ գիշեր կը հնչեն հայ կղերական դասուն բարոյալքման, հոգեւոր արժէքներէն հեռացման մասին գնահատականներ։ Այս առումով՝ Խորէն սրբազան դժուար թէ կարենար աւելի «պատեհ» պահ մը ընտրել իր «սայթաքում»-ին համար։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։