Գանատայի ԱԳ Նախարար Մելանի Ժոլի յայտնած է, թէ իր երկիրը դեսպանութիւն պիտի բանայ Հայաստանի մէջ

Մատրիտի մէջ ընթացող ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի շրջանակին մէջ Յունիս 29-ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին, Գանատայի ԱԳ նախարար Մելանի Ժոլի յայտարարած է, թէ իր երկիրը դեսպանութիւն պիտի բանայ Հայաստանի մէջ եւ դեսպան պիտի նշանակէ։ 

“Այս քայլը Գանատային կարելիութիւն պիտի ընձեռէ արձագանգելու անվտանգութեան սպառնալիքներու, ամրապնդելու քաղաքական եւ տնտեսական համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ եւ աջակցելու այդ երկրի ժողովրդավարական զարգացման գործընթացին”,– նշած է նախարարուհին: