Search
Close this search box.

Գանատայի Արտաքին գործոց նախարարուհի Մելանի Ժոլի այցելած է Մոնրէալի «Արարատ» ամառնային ճամբարը

Յուլիս 30-ին, Գանատայի Արտաքին գործոց նախարարուհի Մելանի Ժոլի այցելած է Մոնրէալի «Արարատ» հայկական ամառնային ճամբարը եւ զրուցած՝ հայ պատանիներուն հետ:

Ան՝ լուրը հաղորդած է «Թուիթըր»-ի իր էջին կատարած գրառումով եւ լուսանկարներով։

Մելանի Ժոլի շնորհակալութիւն յայտնած է Սուրբ Յակոբ հայկական դպրոցին՝ հայ փոքրիկներուն համար նման միջավայր ստեղծելուն, եւ երիտասարդներուն՝ իրեն ընծայած «պահ մը զուարճանալու» կարելիութեան համար:

Նախարարուհին այցելած է նաեւ Մոնրէալի Ahuntsic-Cartierville թաղը գտնուող «Արմենիա» հրուշակեղէնի խանութը, ուր ըստ անոր՝ 5-րդ սերունդի Գանատահայերու կողմէ պատրաստուած իսկական հայկական ուտեստներ կը մատուցուին: Մելանի Ժոլի շնորհակալութիւն յայտնած է Մերճանեան ընտանիքին՝ հիւրընկալութեան համար: