Search
Close this search box.

Գանատայի Արտաքին գործոց նախարարուհի Մելանի Ժոլի հանդիպում ունեցած է Հայ դատի յանձնախումբին հետ

Գանատայի Արտաքին գործոց նախարարուհի Մելանի Ժոլի Օգոստոս 11-ին այցելած է Թորոնթոյի Հայկական կեդրոնը եւ ծանօթացած հայ համայնքի առօրեայ կեանքին, հոգեւոր-կրթական կառոյցներու գործունէութեան։ Որպէս Արտաքին գործոց նախարարուհի՝ Ժոլիի առաջին այցելութիւնն էր հայ համայնքին։

Կեդրոնին մէջ նախարարուհին տեսակցութիւն ունեցած է Հայ դատի տեղական եւ շրջանային յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն հետ։ Կողմերը անդրադարձած են Արցախեան հակամարտութեան ներկայ փուլին վերաբերող հարցերուն, Հայաստանի մէջ Գանատայի դեսպանութեան հիմնադրման աշխատանքներուն, Հայաստանի զարգացման գործին մէջ գանատական օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի հայ համայնքի գործունէութեան։