ԱՐՑԱԽ. Գանձասարի վանական համալիրին մէջ մատուցուած է տօնական պատարագ

Յուլիս 24-ին՝ Քրիստոսի Պայծառակերպութեան խորհրդաւոր օրը, նաեւ Գանձասարի վանքի ուխտի օրն է։ Այս առթիւ Արցախի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան Գանձասարի վանական համալիրին մէջ պատարագ մատուցած է։

Արցախի տարբեր բնակավայրերէն ժամանած հաւատաւոր ուխտաւորներ ներկայ եղած են արարողութեան։ Գանձասարի վանահայր Սահակ վարդապետ Շաքարեանի, Դերենիկ աբեղայ Սահակեանի եւ թեմի հոգեւորականաց դասի առաջնորդութեամբ, պատարագին մասնակցած են նաեւ Արցախի Պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան, պաշտօնատար այլ անձինք եւ զինուորականներ։

“Պայծառակերպութեան կարիք ունի ազգս Հայոց, իսկ Աստուած Թափօր լեռան վրայ համախմբուած առաքեալներին ուղղուած խօսքի միջոցով մեզ ցոյց է տալիս Ճանապարհը. «Նա՛ է Իմ սիրելի Որդին….Նրա՛ն լսեցէք»։ Այլ ճանապարհ և փրկութեան բանալի մենք չունենք, ուզենք թէ չուզենք, հաւատանք թէ չհաւատանք, վկայ է պատմութիւնը, վկայ է Աստուած։ Պայծառակերպուած մեր Տիրոջ շնորհն ու խաղաղութիւնը լինի մեզ՝ բոլորիս հետ, այժմ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն»,– իր քարոզին մէջ նշած է Սրբազան հայրը։