Յունիս 17-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունած է «SOS Chrétiens d’Orient» կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Պենժամէն Պլանշառի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Ողջունելով հիւրերու այցը հայոց հոգեւոր կեդրոն, Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնած է կազմակերպութեան՝ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին ցուցաբերած աջակցութեան համար։
Վեհափառը գոհունակութեամբ անդրադարձած է Ս. Էջմիածնի եւ Կազմակերպութեան միջեւ ձեւաւորուած գործակցութեան, որու շնորհիւ կ՚արդիականացուի Մայր Աթոռի տպարանը։
Իր կարգին պարոն Պլանշառ Հայոց հովուապետին տեղեկութիւններ հաղորդած է Կազմակերպութեան գործունէութեան մասին՝ ի մասնաւորի անդրադառնալով Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ իրականացուող կրթական, գիւղատնտեսական, առողջապահական, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական եւ մշակութային յուշարձաններու վերականգնման ուղղուած ծրագրերուն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։