Search
Close this search box.

Գարեգին Բ. կաթողիկոս ընդունած է Ալֆորվիլի քաղաքապետի գլխաւորած պատուիրակութիւնը

 

Նոյեմբեր 5-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը ընդունած է Ալֆորվիլի քաղաքային իշխանութեան եւ Սուրբ Պօղոս-Սուրբ Պետրոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամները՝ ուղեկցութեամբ Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպիսկոպոս Խաչատրեանի։

Հանդիպումին ներկայ եղած է Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի։

Գրիգոր Սրբազան, հայցելով Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը, ներկայացուցած է հիւրերը՝ տեղեկացնելով, թէ վերջիններս Հայաստան  ժամանած են Ալֆորվիլ եւ Օշական զուգորդուած քաղաքներու համագործակցութեան շրջանակին մէջ, ինչպէս նաեւ իր եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան մասնակցելու համար։ 

Վեհափառ հայրապետը գոհունակութեամբ նկատած է, որ պատուիրակութեան այցը Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւս մէկ վկայութիւնն է ֆրանքեւհայկական բարեկամութեան, ուր իր ներդրումը ունի նաեւ ֆրանսահայ համայնքը։

Գարեգին Բ. անդրադառնալով տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած ծանր կացութեան, իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Ֆրանսայի իշխանութիւններուն՝ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման, Ազերպայճանի մէջ բանտարկուած հայ գերիներու ազատ արձակման, արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համար ցուցաբերուող աջակցութեան եւ զօրակցութեան համար: 

Իր կարգին Ալֆորվիլի քաղաքապետ Լիւք Գարվունաս շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար, հաւաստած է Հայոց հովուապետին, որ անհրաժեշտ ջանքերը կը գործադրուին ֆրանքեւհայկական կապերու առաւել սերտացման ու զարգացման ուղղութեամբ։