Օգոստոս 13-ին, Գեղարքունիքի մարզպետ Կարէն Սարգսեան այցելած է Երանոս գիւղը՝ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու նախորդ օրը տեղի ունեցած երկրաշարժի հետեւանքով շինութիւններու կրած վնասներուն։ Գիւղը շատ մօտ եղած է երկրաշարժի վերնակեդրոնին։
Նշենք, թէ վնասներ կրած են նաեւ Գեղարքունիքի մարզի Վարդաձոր, Ձորագիւղ, Ծակքար, Վերին Գետաշէն Ծովասար, Զոլաքար, Լիճք բնակավայրերու որոշ շինութիւններ։ Փլած են առաւելաբար հողաշէն կառոյցներ, իսկ ժամանակակից շինութիւններու ներսի կամ դուրսի պատերուն նկատելի են ճեղքեր, ծեփաթափումներ։ Վնասուած են նաեւ դպրոցներու, մանկապարտէզներու, մշակութային կեդրոններու շէնքեր։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։