Գեղարքունիքի, Սիւնիքի ու Վայոց Ձորի մարզերուն մէջ իրենց բնակավայրերէն տեղահանուած են նուազագոյնը 7.600 քաղաքացիներ

 

Ըստ Հայաստանի Մարդկային իրաւանց պաշտպանի աշխատակազմի Սեպտեմբեր 16-ի տուեալալներուն՝ երկրին վրայ ազերպայճանական յարձակման հետեւանքով Գեղարքունիքի, Սիւնիքի ու Վայոց Ձորի մարզերուն մէջ իրենց բնակավայրերէն տեղահանուած են նուազագոյնը 7.600 քաղաքացիներ, մեծամասնութեամբ՝ կիներ, երախաներ (1.437), ծերեր ու հաշմանդամներ (99)։