Վիճակագրական յանձնախումբի զեկոյցը կ՚ապացուցէ, թէ վերջին 5 տարիներուն Հայաստանի երեք սահմանամերձ մարզերու՝ Գեղարքունիքի, Տաւուշի ու Սիւնիքի բնակչութիւնը նուազած է շուրջ 40 հազարով։ Կը պարպուին թէ՛ գիւղերը, թէ՛ քաղաքները։
Մնացողները՝ մեկնողներու որոշումը կը բացատրեն սապէս.«Յուսահատութիւն, ապագայի հանդէպ վստահութեան պակաս, անվտանգային, ընկերային խնդիրներ»։ «Շատեր յուսահատեցան պատերազմէն յետոյ ու գացին»,– կ՚ըսեն բնակիչները։
Վիճակագրական յանձնախումբի տուեալներով՝ 2019-ի ամռան Գեղարքունիքի մէջ շուրջ 230 հազար հոգի կը բնակէր, ճնշող մեծամասնութիւնը՝ գիւղերու մէջ։ Պսակաձեւ ժահրը, 44-օրեայ պատերազմն ու անկէ ետք հայ-ազերպայճանական սահմանային բախումները իրենց հետքը ձգած են՝ մարզի բնակչութիւնը կրճատուած է 13 հազարով։
Սեւանի մէջ տեղացիները դիտել կու տան, թէ երիտասարդներէն շատեր Երեւան կ՚ապրին, «որովհետեւ այստեղ՝ Սեւանի մէջ, այդքան աշխատանք չկայ, պետական ձեռնարկութիւն չկայ»։
Պաշտօնական վիճակագրութեամբ՝ Գեղարքունիքը Հայաստանի ամէնէն աղքատ մարզերէն է, իւրաքանչիւր երեք քաղաքացիէն մէկը չքաւորութեան մէջ կ՚ապրի, ծայրայեղ աղքատներու թիւով մարզը ամէնէն գէշ ցուցանիշը կը պարզէ։ Բնակչութեան գրեթէ 5 տոկոսը ի վիճակի չէ ամէն օր նոյնիսկ 1000 դրամ ծախսելու։ Աշխատանք գտնելու պարագային ալ մարզի բնակիչները Հայաստանի ամէնէն ցած աշխատավարձը կը ստանան՝ հարկերը հանած՝ միջինը մօտ 100 հազար դրամ է, մինչդեռ համապետական միջին ցուցանիշը կը գերազանցէ 200 հազար դրամը։
«Դրամ չկայ, աղքատութիւնը կը շատնայ, որովհետեւ ոչ մէկուն տիրութիւն կ՚ընէ ղեկավարութիւնը»,– կ՚ըսէ մարզի բնակիչներէն մէկը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։