Չորս հազար անհետացած Ազերպայճանցիներու ճակատագիրը պարզելու համար հրատապ միջոցներու ձեռնարկելու Պաքուի պահանջէն մէկ օր ետք, Երեւան ազերպայճանական կողմին կ՚առաջարկէ այդ հարցին կապակցութեամբ աշխուժացնել համագործակցութիւնը։
Գերիներու, պատանդներու եւ անհետացածներու միջգերատեսչական յանձնաժողովը կը շեշտէ, թէ Երեւան բազմիցս յայտարարած է, որ պատրաստ է անհետացած համարուող անձերու ճակատագիրը պարզելու համար համագործակցելու Ազերպայճանի հետ:
Գերատեսչութենէն հերքած են Պաքուի մեղադրանքները, թէ Հայաստան կը մերժէ տեղեկութիւններ տրամադրել։
«Հարկ կը համարենք ընդգծել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը 2020 Նոյեմբերէն ի վեր Ազերպայճանին յանձնած է 44-օրեայ պատերազմին սպանուած 51 Ազերիներու աճիւններու, ինչպէս նաեւ 90-ականներուն սպանուած շուրջ 50 անձերու աճիւններու գտնուելու հաւանական վայրերու մասին տեղագրական նիւթեր, զորս ստացած է Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներէն»,– նշուած է Գերատեսչութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Ըստ Երեւանի՝ 993 Հայաստանի քաղաքացիներ եւ Արցախահայեր կը համարուին անհետացած 90-ականներու սկիզբէն ի վեր, եւ թէ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին ու անկէ ետք Հայաստան լրջօրէն հետաքրքրուած է անոնց ճակատագրերու մասին տեղեկութիւններ ստանալով։
Պաքու տակաւին չէ պատասխանած հայկական կողմի առաջարկին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։