Search
Close this search box.

ԳԵՐՄԱՆԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – «Շուշիկ» համոյթին ազգագրական երգերու համերգը

Նոյեմբեր 17-ին, Քէօլնի Domforum-ի մէջ ելոյթ ունեցած է Հայաստանէն հրաւիրուած տոհմիկ ազգագրական երգերու մեկնաբան «Շուշիկ» երրեակը։

Ձեռնարկին բացումը կատարած եւ ներկաները ողջունած է Առաջնորդարանի քարտուղար Սայեաթ սարկաւագ Պօյաճեան։

Այնուհետեւ համոյթի երեք երիտասարդուհիներ՝ Թամարա Աթանէսեան, Մերի եւ Նարէ Քարտաշեան քոյրերը, ազգագրական եւ ժողովորդական երգերու գեղեցիկ կատարումներով հաճելի մթնոլորտ ստեղծած են լեփ-լեցուն դահլիճին մէջ՝ գեղեցիկ պահեր ու ապրումներ պարգեւելով ներկաներուն։

Համերգի աւարտին գնահատանքի խօսքով հանդէս եկած է առաջնորդ Սերովբէ եպիսկոպոս Իսախանեան՝ նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով արուեստագէտներուն։

*  *  *

Տիկնիկային թատրոն փոքրերու եւ մեծերու համար

Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքի Մշակութային օրերու ծիրէն ներս, Շաբաթ, Նոյեմբեր 18-ին, տեղւոյն հայ համայնքի սրահին մէջ ներկայացուած է վիրահայ նկարիչ ու տիկնիկագործ Արմէն Յովհաննիսեանի «Թատրոն փոքրերու եւ մեծերու համար» տիկնիկային-երաժշտական բեմադրութիւնը։ 

Իր կողմէ ստեղծուած տիկնիկներու «խօսքով, երգ ու պարով» Արմէնը ներկայացուցած է թիֆլիսեան տարբեր մշակոյթներու կերպարներով ու պատմութիւններով իւրօրինակ աշխարհ մը՝ լիաթոք ժպիտ եւ ուրախ ու հաճելի պահեր պարգեւելով մեծ ու պզտիկ հանդիսատեսին: Ներկայացման ընթացքին հանդիսատեսի աչքին պատկերուած է հին Թիֆլիսը՝ գորգերով գունառատ պատշգամներով ու փողոցի երաժիշտներով եւ նոյնիսկ երգող կենդանիներով։

Ներկայացումին մասնակցած է եւ Արմէն Յովհաննիսեանին ու ներկաներուն իր գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսքը հաղորդած է թեմի առաջնորդ Սերովբէ եպիսկոպոս Իսախանեան։

Լուսանկարները՝ Էտմոն Հախնազարեանի