Search
Close this search box.

ԳԵՐՄԱՆԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Օծուած է Հալլէի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մուտքի խաչը

Մատաղօրհնութիւն եւ ջրօրհնէք

Կիրակի, Նոյեմբեր 10-ին, Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Սերովբէ եպիսկոպոս Իսախանեան նախագահած է Հալլէի Սուրբ Յարութիւն հայկական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուող պատարագին, ձեռամբ տեղւոյն հոգեւոր հովիւ Յակոբ քահանայ Յակոբեանի։

Առաջնորդ սրբազանը պատարագին ներկայ հաւատացեալներուն հաղորդած է օրուան աւետարանական պատգամը, նոր օրհնեալ Սրբալոյս միւռոնով ջրօրհնէք կատարած եւ օծած է եկեղեցւոյ գլխաւոր մուտքի վերնամասին տեղադրուած խաչը։

Արարողութեանց աւարտին Սերովբէ սրբազան ներկայ եղած է տեղւոյն համայնքի մատաղօրհնութեան առիթով վարչութեան կողմէ կազմակերպուած սիրոյ սեղանին։ Այս ուրախ առիթներով Սրբազան հայրը իր գնահատանքը յայտնած է Յակոբ քահանային եւ Համայնքի վարչութեան՝ իրենց նուիրեալ ծառայութեան եւ համայնքային կեանքի աշխուժացման միտող իրենց աշխատանքներուն համար։