Հոկտեմբեր 28-ին, Շթութկարթի մէջ տեղի ունեցած «հայկական մշակոյթի օրեր»-ու շրջանակին մէջ կազմակերպուած է «Խաղաղութեան սիմֆոնիա» եզրափակիչ համերգը, նուիրուած Արամ Խաչատրեանի 120-ամեակին։
Ողջոյնի խօսքով ելոյթ ունեցած է Հայաստանի դեսպան Վիկտոր Ենգիբարեան։ Անուանի երգահաններ Ռուբէն Ալթունեանի, Ֆելիքս Մենտելսոն Պարթոլտիի և Եդուարդ Միրզոյեանի ստեղծագործութիւնները հնչած են Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբի կատարողութեամբ եւ խմբավար Ռուբէն Ղազարեանի ղեկավարութեամբ։
Գերմանական «Շթութկարթեր Զայթունկ» թերթը անդրադարձած է Շթութկարթի մէջ արդէն աւանդական դարձած հայկական մշակոյթի օրերուն, որ այս տարի կը կրէր «Միասին՝ խաղաղութեան համար» բնաբանը։
Նշենք, թէ Հայաստանի դեսպանութեան աջակցութիւնը վայելող ձեռնարկը հովանաւորած են բազմաթիւ կազմակերպութիւններ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։