Գերմանիոյ՝ Երեւանի դեսպանութիւնը կը հաղորդէ, թէ Արցախի մէջ մարդասիրական լարուած կացութեան պատճառով իր երկիրը յաւելեալ երկու միլիոն եւրօ կը յատկացնէ Կարմիր Խաչին, անոր՝ Արցախի ի նպաստ մարդասիրական գործունէութեան եւ տարածաշրջանին մէջ կեանքեր փրկելու առաքելութեան համար։
Նշենք, թէ անցնող օրերուն Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոք անդրադառնալով Արցախի մէջ 9 ամիս է շարունակուող շրջափակումին տեղւոյն իրավիճակը աղէտալի որակած էր եւ ընդգծած՝ Բերձորի միջանցքի բացման կարեւորութիւնը։
«Մենք վճռականօրէն կը դիմենք Ազերպայճանին ու Ռուսաստանին. Լաչինի միջանցքը պէտք է բացուի, մարդիկ պէտք է ստանան ինչ որ անհրաժեշտ է կեանքի համար»,– յայտնած էր գերմանացի նախարարուհին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։