ԳԵՐՄԱՆԻԱ. «Հովեր» երգչախումբի հրաշալի համերգը՝ Միւնիխի մէջ

 

Երեւանի սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի «Հովեր» երգչախումբը Յուլիս 29-ին, հովանաւորութեամբ՝ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան, Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մէջ ունեցած է հրաշալի ելոյթ մը, նուիրուած՝ Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին: Համերգի կազմակերպման աջակցած է EUROPAMUSICALE (European Cultural Foundation) եւրոպական մշակութային հիմնադրամը։ Լուրը կը հաղորդէ Հայաստանի դեսպան Վիկտոր Ենգիբարեան, Դիմագիրքի իր էջով։ 

Երեկոյթին հնչած են Կոմիտասի, Փենտերեքիի, Շարաֆեանի, Փարթի, Հալաճեանի, Ստամպուլցեանի, Յովհաննիսեանի եւ այլ յօրինողներու խմբերգային ստեղծագործութիւնները, խմբավարութեամբ՝ Նարինէ Ոսկանեանի, ընկերակցութեամբ՝ դաշնակահար Շահանէ Աղաքարեանի։ 

ՀՀ դեսպանը իր ելոյթին անդրադարձած է Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ յարաբերութիւններուն, որոնք հիմնուած են ընդհանուր արժէքներու վրայ, ինչպէս՝ ժողովրդավարութիւնը, խաղաղութիւնը, արժանապատւութիւնն ու ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշումը, ազատ շուկայական տնտեսութիւնը: