ԳԵՐՄԱՆԻԱ. Պերլինի մէջ կառք մը խուժած է բազմութեան վրայ. մեղաւորը Հայ մըն է

Չորեքշաբթի, Յունիս 8-ին Պերլինի մէջ կառք մը խուժած է բազմութեան վրայ, պատճառելով մէկ մեռեալ եւ առնուազն 30 վիրաւոր։ Մեղաւորը, որ անմիջապէս ձերբակալուած է, գերմանահպատակ 29-ամեայ Հայ մըն է։

Գերմանական ոստիկանութիւնը առայժմ չի յայտներ թէ՝ տեղի ունեցածը դժբախտ պատահա՞ր էր, թէ՞ ահաբեկչական յարձակում։ Միջադէպը պատահած է այն նոյն վայրը, ուր 2016 Դեկտեմբեր 19-ին «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման համակիր, Թունուսցի Անիս Ամրի բեռնատարով խուժած էր Ծննդեան տօներուն առթիւ բացուած փողոցային շուկայի այցելուներուն վրայ։ Այդ յարձակման հետեւանքով 12 հոգի մահացած էր, 55 ուրիշներ ալ վիրաւորուած էին։