Եւրոպական ընտրութիւններէն քանի մը ամիս առաջ Գերմանիոյ մէջ նոր քաղաքական կուսակցութիւն մը յայտնուած է։ Անունն է «Տավա» («Dava»), որ թրքերէն կը նշանակէ «դատ», եւ կը պնդէ, որ կը հանդիսանայ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան՝ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորած AKP-ի թեւը: «Տավա»-ն հիմնադրուած է Գերմանիոյ թրքական համայնքի անդամներուն կողմէ, որ կը կազմէ շուրջ 3 միլիոն հոգի երկրի 83 միլիոն ընդհանուր բնակչութեան մէջ: Կուսակցութիւնը կը յայտարարէ, որ կ՚ուզէ պաշտպանել Գերմանիոյ մէջ Թուրքերու շահերը, բայց նաեւ ամրապնդել կապերը Անգարայի եւ Պերլինի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ։ «Տավա» կը ներկայանայ որպէս այլընտրանք գերմանական աւանդական կուսակցութիւններուն, զորս կ՚ամբաստանէ Թուրքերու նկատմամբ խտրականութիւն դրսեւորելու եւ Թուրքիոյ թշնամիներուն՝ Քիւրտերուն կամ կիւլէնականներուն աջակցելու մեղադրանքով։ Ան նաեւ կ՚ըսէ, որ դէմ է ծայրայեղ աջերուն եւ իսլամատեացութեան: Նորահաստատ կուսակցութիւնը յոյս ունի աթոռներ շահելու Եւրոպական խորհրդարանին, բայց նաեւ Գերմանիոյ խորհրդարանին՝ Պունտեսթակի մէջ, յաջորդ ընտրութիւններուն։ Ան յոյսը կը դնէ թուրք ընտրողներու աջակցութեան վրայ, որոնք հիմնականին մէջ զօրավիգ են Էրտողանին եւ անոր վարած քաղաքականութեան։ Կուսակցութիւնը, սակայն, անվստահութիւն կը յառաջացնէ գերմանական իշխանութիւններուն մէջ, որոնք մտավախութիւնն ունին, որ սա որպէս լծակ պիտի ծառայէ Եւրոպայի մէջ Էրտողանի ազդեցութեան ծաւալումին։ Անոնք նաեւ ունին այն մտավախութիւնը, որ այդ պիտի նպաստէ գերմանական հասարակութենէն ներս պառակտումներու խորացման եւ պատճառ պիտի դառնայ Թուրքերու համարկման տկարացման: «Տավա»-ն էրտողանամէտ միակ կուսակցութիւնը չէ Եւրոպայի մէջ։ Ֆրանսայի մէջ 2015-ին ստեղծուած է Հաւասարութեան, արդարութեան կուսակցութիւնը (PEJ) եւ կը ներկայանայ որպէս փոքրամասնութիւններու պաշտպան։ Կասկած կայ, որ այդ կուսակցութիւնը եւս սերտ կապեր ունի Էրտողանի AKP-ին հետ եւ նոյնիսկ կը գանձատրուի Թուրքիայէն։ Պելճիքայի մէջ ալ կայ 2012-ին հիմնադրուած «Իսլամ» կուսակցութիւնը, որ Շարիաթի օրէնքներու հաստատման ջատագով է։ Այս մէկը եւս մօտ կը համարուի թրքական վարչակարգին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։