Search
Close this search box.

Գիտական հիմքէ զուրկ ազերպայճանական պետական քարոզչութիւնը տեղ գտած է նաեւ Վատիկանի պաշտօնաթերթին մէջ

Վատիկանի «L’Osservatore Romano» պաշտօնաթերթը վերջերս հրատարակած է յօդուած մը՝ «A Khudavang, Ganjasar e Khatiravang Monasteri tra le nuvole» («Խուդավանքը, Խաթրավանքը եւ Գանձասարի վանքը՝ ամպերու մէջ») վերնագրով, ուր հայկական ժառանգութեան կարեւորագոյն յուշարձանները՝ Դադիվանքը, Գանձասարը եւ Խաթրավանքը կը ներկայացուին իբրեւ աղուանական ժառանգութիւն։ Նիւթին հեղինակ Ռոսելլա Ֆապիանի գրութեան մէջ կը խօսի Ազերպայճան կատարած իր այցելութիւններուն մասին, նշելով թէ գացած է «Garabagh» (ընդգծումը՝ յօդուածէն), ծանօթացած՝ «աղուանական ժառանգութեան» նշանաւոր վանքերուն։

Այս կապակցութեամբ «Գեղարդ» գիտավերլուծական հիմնարկը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը դատապարտելով ալիեւեան վարչակազմի՝ հայկական մշակութային ժառանգութեան իւրացման քաղաքականութիւնը՝ ընդգծելով, թէ Վատիկանի պաշտօնաթերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածը գիտական հիմքէ զուրկ է եւ հիմնուած մի՛այն հեղինակին դիտարկումներուն ու տպաւորութիւններուն վրայ:

Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ շեշտուած է, որ հայկական մշակութային ժառանգութեան բռնի իւրացման այս գործիքակազմը միջազգային նոր հարթակներ կը գրաւէ, որու հիմքին, բնականաբար, Ազերպայճանի հարուստ քարիւղի արդիւնաբերութիւնն ու պետութեան կողմէ հսկայական գումարներու ներդրումն է միջազգային կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու գործունէութեան մէջ։

«Ազերպայճան՝ պատմական կեղծարարութիւնը դարձուցած է ոչ միայն պետական քաղաքականութիւն, այլեւ միջազգային հարթակներէն հնչող տեսութիւն։ Պաքու մէկ կողմէ իբրեւ թէ կը կերտէ իր “բազմամշակութային եւ ժողովրդավար” կերպարը, միւս կողմէ “կը միջազգայնացնէ” հայկական մշակութային ժառանգության իւրացման գործիքակազմերը։ Դեռ քանի մը ամիս առաջ Լեհաստանի մէջ կազմակերպուեցաւ այսպէս կոչուած “աղուանական ժառանգութեան” նկարներու ցուցահանդէս մը, ուր կրկին Ազերպայճանի դեսպանութիւնը ունէր իր աշխուժ ներգործութիւնը։ Այս ամբողջը վտանգաւոր հող կը պատրաստէ հայկական ժառանգութեան ինքնութեան խեղաթիւրման, պատմական փաստերը կեղծելու եւ միջազգային հարթակներու միջոցով այդ թեզերու տարածման համար»,– մատնանշուած է «Գեղարդ»-ի հաղորդագրութեան մէջ։