Search
Close this search box.

ԳԼԱՄԱՐ – Ոգեկոչման հանդիսաւոր արարողութիւն՝ Միսաք Մանուշեանի պանթէոնականացման առթիւ

Գլամարի քաղաքապետ Ժան-Տիտիէ Պերժէ կ՚արտասանէ իր ճառը

Շաբաթ, Մարտ 2-ի առա­ւօտեան, Փա­րիզեան արո­ւար­ձաննե­րէն հա­յաշատ Գլա­մարի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Մի­սաք Մա­նու­շեանի պան­թէոնա­կանաց­ման առ­թիւ կազ­մա­կեր­պո­ւած հան­դի­սաւոր արա­րողու­թիւնը, անոր անու­նը կրող հրա­պարա­կին վրայ, ոգե­կոչե­լու հա­մար իր եւ իր խումբի 22 ըն­կերնե­րուն, ինչպէս նաեւ բո­լոր դի­մադ­րա­կան­նե­րուն յա­ւերժ յի­շատա­կը։ 

Արա­րողու­թեան ներ­կայ էին քա­ղաքա­պետ Ժան-Տի­տիէ Պեր­ժէ, փոխ­քա­ղաքա­պետ տի­կին Ժաք­լին Մի­նասեան, երես­փո­խան Ժան-Լո­ւի Պուռլանժ, տե­ղական եւ ազ­գա­յին բազ­մա­թիւ այլ ընտրեալ­ներ, Ֆրան­սա­հայ նախ­կին ռազ­միկնե­րու եւ դի­մադ­րա­կան­նե­րու ըն­կե­րակ­ցութեան (ANACRA) նա­խագահ Լե­ւոն Յով­նա­նեան, դես­պան Տոլ­մա­ջեանի ներ­կա­յացու­ցիչ տի­կին Մա­նու­կեան, հայ եւ ֆրան­սա­ցի դրօ­շակա­կիր­ներ, հայ­կա­կան միու­թիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչներ եւ իր յար­գանքի տուրքը մա­տու­ցե­լու եկած հոծ բազ­մութիւն մը։ 

Ծաղ­կեպսակ­նե­րու զե­տեղ­ման արա­րողու­թե­նէն ետք, քա­ղաքա­պետը ար­տա­սանեց իր խօս­քը, վեր առ­նե­լով Մա­նու­շեանի, ըն­կերնե­րուն եւ անոնց նման շատ-շա­տերու վե­հանձնու­թիւնը, անձնա­զոհու­թիւնը յա­նուն ազա­տու­թեան, յա­նուն Ֆրան­սա­յի ազա­տու­թեան։ 

Ան նշեց, թէ այս պան­թէոնա­կանա­ցու­մը պատ­մա­կան քայլ մըն է Դի­մադ­րութեան հե­րոս­նե­րու ճա­նաչ­ման տե­սան­կիւնէն։ Ընդգծեց, որ Մա­նու­շեան­նե­րը առա­ջին Հա­յերն են, որոնք մուտք գոր­ծե­ցին Ֆրան­սա­յի Մեծ մար­դոց տա­ճարէն ներս։

1944 Փետ­րո­ւար 21-ին Մոն-Վա­լերիէնի մէջ իր 22 ըն­կերնե­րուն հետ գնդա­կահա­րու­մէն 80 տա­րի ետք Գլա­մար չի մոռ­նար Հա­յոց այս որ­դին, որ իր կեան­քը զո­հեց յա­նուն Ֆրան­սա­յի, յա­նուն մե՛ր ազա­տու­թեան։ Անոր քա­ջու­թիւնը, անոր հայ­րե­նասի­րու­թիւնը, անոր հե­րոսու­թիւնը ոգեշնչման աղ­բիւր են բո­լորիս հա­մար”,– ըսաւ Պեր­ժէ ու շա­րու­նա­կեց.

Գլա­մարի՝ իր անու­նը կրող այս հրա­պարա­կին վրայ յի­շենք Մի­սաք Մա­նու­շեանի ճա­կատա­գիրը։ Թող այն ժո­ղովուրդնե­րը, որոնք այ­սօր ալ կը տա­ռապին, այս տի­պարին մէջ գտնեն այն ու­ժը, որ անհրա­ժեշտ է գո­յատե­ւելու, իրենց սահ­մաննե­րը պաշտպա­նելու, իրենց մշա­կոյթն ու պատ­մութիւ­նը փո­խան­ցե­լու հա­մար”,– ըսաւ քա­ղաքա­պետը։

Արա­րողու­թեան մաս­նակցե­ցան Գլա­մարի Լէոփոլտ Սեն­կոր դպրո­ցի ու Հա­մազ­գա­յին-Թարգման­չաց հայ­կա­կան վար­ժա­րանի երե­խանե­րը, որոնք յա­ջոր­դա­բար եր­գե­ցին Հա­յաս­տա­նի եւ Ֆրան­սա­յի փա­ռեր­գե­րը։

Նշենք, թէ Մա­նու­շեան պա­տերազ­մի տա­րինե­րուն մի­ջոց մըն ալ ապաս­տան գտած է Գլա­մարի մէջ։