Յունուար 7-ին, Դամասկոսի պատրիարքներուն եւ համայնքապետերուն կողմէ կեանքի կոչուած«աշխատանաքային յանձնախումբ»-ը քաղաքավարական այցելութիւն տուած է Դամասկոսի նորանշանակ նահանգապետ Մահեր Մրուանին: Հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ, յանձնախումբի անդամ՝ Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպիսկ. Նալպանտեան:
Յանձնախումբի անդամները նահանգապետին ներկայացուցած են ներկայ իրավիճակին առնչուողհարցեր եւ քաղաքին ապահովութեան ու քաղաքացիական ծառայութեանց վերաբերող խնդիրներ:
Նահանգապետը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է այցելութեան համար եւ խոստացածամենայն ջանասիրութեամբ հետեւիլ խնդիրներուն եւ շուտափոյթ լուծումներ գտնել: Համաձայնութիւն գոյացած է, որ ուղղակի կապ հաստատուի յանձնախումբին եւ նահանգապետիգրասենեակին հետ բոլոր հարցերը քննարկելու եւ կարելի լուծումներ որոնելու համար:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։