Հարաւային Կովկասի հաղորդակցութեան ուղիներու զարգացումով հետաքրքրուած են տարածաշրջանին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցող մեծ ու շրջանային բոլոր պետութիւնները՝ թէ՛ Ռուսաստանը, թէ՛ ԱՄՆ-ն ու ԵՄ-ը, թէ՛ Պարսկաստանը, Թուրքիան, Հնդկաստանն ու Չինաստանը։ Սակայն իւրաքանչիւրը իր ռազմավարական շահերուն համեմատ ունի իր իւրայատուկ նախընտրութիւնը, ունի նաեւ այսպէս կոչուած՝ իր կարմիր գիծերը։ Նոյեմբեր 9-ի հրադադարի համաձայնութեան գլխաւոր նպատակը հաղորդակցութեան ուղիներու բացումն էր, այնպէս ինչպէս կ՚առաջարկէ Հայաստանի կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը, որուն նեցուկ կը հանդիսանան Արեւմտեան պետութիւնները։
Վրաստան ու Ազերպայճան տարածաշրջանին մէջ արդէն ունին հաղորդակցութեան ուղիներու իրենց ցանցերը, զորս կառուցած են 2000-ական թուականներէն, երբ հայկական իշխանութիւնները, այն ժամանակ դղեակներ կառուցելով ու հայրենասիրական ճառեր արտասանելով զբաղած էին, Հայաստանի անվտանգութիւնը ամբողջովին թողլով Ռուսաստանի բարի կամեցողութեան։ Հիւսիս-Հարաւ մայրուղիի շինութիւնը առաջնահերթութիւն կը յայտարարուէր, սակայն գործնական քայլ չէր առնուեր այդ ուղղութեամբ, իսկ այդ ծրագրին դրամային յատկացումները կ՚իւրացուէին, այս կամ այն մասնակիցի կողմէ։ Թէեւ Հիւսիս-Հարաւ մայրուղին օդի ու ջուրի նման անհրաժեշտութիւն էր Հայաստանի համար, Իրանն ու Վրաստանը իրարու կապելով՝ Կասպից ծովէն դէպի Սեւ ծով ճանապարհ հաստատելով թուրքեւազերի շրջափակումէն ազատագրելու համար երկիրը։
Միայն 2016-ի 4-օրեայ պատերազմի ցնցումէն ետք Հիւսիս-Հարաւի շինութիւնը շարժիլ սկսաւ։ Իսկ Թաւշեայ յեղափոխութեան ժամանակ ի յայտ եկան բոլոր խարդախութիւնները, զեղծարարութիւնները, շինարարական բացթողումները։ Արցախի 44-օրեայ պատերազմը նոր թափ տուաւ Հիւսիս-Հարաւի շինարարութեան։ Կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը, որ ոչ միայն Հիւսիս-Հարաւ, այլ նաեւ Արեւելք-Արեւմուտք հաղորդակցութեան ուղիներու շինութիւնը նկատի ունի, Հայաստանի համար ռազմավարական նշանակութիւն ստացաւ։
«Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ը կը խաչաձեւէ Արեւմուտքի եւ Իրան-Հնդկաստանի շահերը։ Արեւմուտքը, յատկապէս ԱՄՆ հետաքրքրուած է Արեւելք-Արեւմուտք ճանապարհային ծրագրով, որ Միջին Ասիան պիտի կապէ Թուրքիոյ ու Միջերկրականին։ Իսկ Իրան ու Հնդկաստան մասնաւորապէս հետաքրքրուած են Հիւսիս-Հարաւով, որ այս երկու պետութիւնները պիտի կապէ Վրաստանին՝ Հնդկական ովկէանոսը՝ Սեւ ծովուն։ Այս համայնապատկերին մէջ Ռուսաստան ու Ազերպայճան մասնաւորապէս հետաքրքրուած են Արեւելք-Արեւմուտք ճանապարհով, պայմանով որ ան վերահսկէ Ռուսաստանը, այսինքն Հայաստան չունենայ տարածքային ինքնիշխանութիւն այդ «Զանգեզուրի միջանցք» անուանուած հատուածին մէջ։
Հիւսիս-Հարաւը, իբր տարանցիկ ճանապահ, կը մնայ այլընտրանքային ուղի, որովհետեւ արդէն տասնեակ տարիներէ ի վեր կը գործէ Հիւսիս-Հարաւ՝ Իրան-Ազերպայճան-Վրաստան ճանապարհը։
Հայաստանէն անցնող՝ միջազգային չափանիշերուն համապատասխանող արագընթաց մայրուղիին կառուցումը տակաւին առնուազն հինգ-վեց տարուան կը կարօտի իր աւարտին հասնելու համար։ 15-20 տարի ուշացումով կառուցուող մայրուղին, նոյնիսկ իբր այլընտանքային մայրուղի ունի իր կարեւորութիւնը, մանաւանդ Իրանի համար, որու շնորհիւ վերջինս կ՚ազատի ամբողջովին Ալիեւէն կախեալ ըլլալէ։
Վերջին շրջանին անսովոր կերպով բազմացան ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ այլ գերատեսչութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաներու այցերը Երեւան։ Օ՚Պրայըն՝ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հետ յարաբերութիւններու ղեկավարը շատ յստակ կերպով մատնանշեց ինքնիշխանութեան պայմաններու մէջ Հայաստանէն անցնող Արեւելք-Արեւմուտք ճանապարհի շինութեան անհրաժեշտութիւնը ԱՄՆ-ու համար։
ԱՄՆ-ու, Ռուսաստանի, Իրանի եւ Ազերպայճանի շահերու բախումը կը բարձրացնէ Հայաստանի ռազմավարական կարեւորութիւնը, պայմանով որ ան կարենայ դիմադրել ռուսերու եւ թուրքերու դրդումով՝ ազերական սահմանային յարձակումներուն։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։