Search
Close this search box.

Դասախօսութիւն՝ նուիրուած Զահրատի 100-ամեակին

Յուլիս 24-ին, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին գրա­դարա­նի թա­մանեանա­կան փոքր դահ­լի­ճին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է ու­շագրաւ հան­րա­յին դա­սախօ­սու­թիւն՝ նուիրուած պոլ­սա­հայ բա­նաս­տեղծ Զահ­րա­տի ծննդեան 100-ամեակին։

Ձեռ­նարկին ելոյթ ու­նե­ցած է գրա­կանա­գէտ Երուանդ Տէր-Խա­չատ­րեան եւ ներ­կա­յացու­ցած Զահ­րա­տի կեան­քի եւ ստեղ­ծա­գոր­ծութեան ու­ղին, ընդգծե­լով անոր գրա­կան ժա­ռան­գութիւ­նը եւ հայ գրա­կանու­թեան մէջ ու­նե­ցած կա­րեւոր դե­րակա­տարու­թիւնը։

“Զահ­րատ վե­րացա­կան, կեան­քէն կտրուած բա­նաս­տեղծ մը չէ։ Ան ամէ­նէն պարզ իրե­րու մէջ կը տես­նէ խոր­հուրդ, սո­վորա­կան իրա­կանու­թեան մէջ՝ բա­նաս­տեղծու­թիւն։ Ան իրա­պէս յայտնա­բերած է մեր գրա­կանու­թեան մէջ նոր կա­րելիու­թիւններ”,– յայտնած է Տէր-Խա­չատ­րեան։

Նշենք, թէ Ազ­գա­յին գրա­դարա­նին մէջ ներ­կա­յացուած է Զահ­րա­տի ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րու, անոր մա­սին գրա­կանու­թեան եւ հրա­տարա­կու­թիւննե­րու ցու­ցադրութիւն։ ■