Մայիս 31-ին, Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան Դիմագիրքի իր էջին հետեւեալ գրառումը կատարած է.–
«Արցախը, նրա գոյութիւնը տարածաշրջանային եւ նոյնիսկ համաշխարհային աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութեան պահպանման կարեւորագոյն գործօն է»։
Ան նշած է, որ եթէ չըլլայ Արցախը, ապա Անդրկովկասի մէջ արմատապէս փոփոխութեան կ՚ենթարկուի աշխարհաքաղաքական համայնապատկերը, իսկ անկէ յետոյ՝ նոյնը կը պատահի նաեւ յարակից շրջաններու տարածքին, եւ այնուհետեւ աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութեան պահպանումը աւանդական միջոցներով (աշխարհառազմավարական հակակշիռներու համակարգ եւ այլն) գործնականօրէն անկարելի կ՚ըլլայ։
«Սա կը յանգեցնի ուժային կենտրոնների բաց, կոշտ եւ անմիջական առճակատման։ Իսկ ի՞նչ կարող է լինել, երբ անհնար է աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը պահպանել աւանդական միջոցներով, եւ երբ համաշխարհային եւ տարածաշրջանային մեծ տէրութիւնները բացայայտ հակադրուելու են միմեանց։ Կարծում եմ՝ պատասխանը շատ պարզ է. աշխարհը նոյնիսկ կարող է յայտնուել միջուկային պատերազմի շեմին»,– ընդգծած է նախարարը իր գրառման մէջ։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։