Պաքուի մէջ ընթացող COP29-ի աւարտէն քանի մը օր առաջ եւ Ազերպայճանի իշխանութիւններու կողմէ Ռուբէն Վարդանեանի ձերբակալութենէն աւելի քան մէկ տարի ետք, անոր որդին՝ Դաւիթ Վարդանեան կոչ կ՚ընէ ազատ արձակելու իր հայրը եւ մնացեալ 22 պատանդները, որոնք բանտարկուած են մի՛այն հայ ըլլալնուն պատճառով:
Այս նախաբանով Le Journal du Dimanche թերթը հրապարակած է Պաքուի մէջ ապօրինի բանտարկուած բարերար Ռուբէն Վարդանեանի որդւոյն՝ Դաւիթ Վարդանեանի յօդուածը:
Ստորեւ՝ կու տանք թարգմանաբար։
«Արդէն շաբաթ մըն է, որ Ազերպայճանի մէջ կ՚ընթանայ ամէնէն կարեւոր եւ խորհրդանշական միջազգային համաժողովներէն մէկը՝ COP29-ը: Փաստօրէն, աշխարհի տարբեր երկիրներու ղեկավարները համախմբուած են վայրի մը մէջ, ուրկէ ընդամէնը մի քանի հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին բանտարկուած ու խոշտանգումներու ենթարկուած հայ գերիները: Անոնց շարքին է հայրս՝ Ռուբէն Վարդանեան, որ աւելի քան մէկ տարի առաջ ապօրինաբար ձերբակալուած է Ազերպայճանի իշխանութիւններու կողմէ այն պահուն, երբ կը հեռանար Լեռնային Ղարաբաղէն՝ 120.000 այլ հայերու հետ միասին, որոնք ստիպուած բռնած էին գաղթի ճամբան իրենց նախնիներու հողէն: Հայրս եւ միւս 22 հայ գերիները բանտարկուած են մի՛այն հայ ըլլալնուն համար։
Ինչպէ՞ս կարելի է նման պայմաններու տակ խօսիլ արդարութեան, մարդկային իրաւանց, համաշխարհային համագործակցութեան եւ բնապահութեան մասին՝ գտնուելով խոշտանգումներու ենթարկուող հայերէն մի քանի հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ: Այս ճակատագրական պահուն, երբ Ազերպայճան կը գտնուի ամբողջ աշխարհի ուշադրութեան կեդրոնը, ես կոչ կ՚ընեմ ՄԱԿ-ի ղեկավարութեան չթոյլատրելու որ 23 հայ պատանդներ մահանան հաւաքական անտարբերութեան մէջ։
Հայրս իր ամբողջ կեանքը նուիրած է ուրիշներուն օգնութեան: Ան իր ընկերներուն եւ գործընկերներուն հետ նախաձեռնած եւ իրագործած է աւելի քան 700 մարդասիրական ծրագիր, ներառեալ՝ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը: Ան միշտ օգնած է ուրիշներուն այնպիսի ծրագրերու շրջանակին մէջ, որոնք ամէնուր կը փորձեն աշխարհը դարձնել աւելի արդար եւ խաղաղ: Այսօր ի՛նք օգնութեան կարիք ունի։ Ահա թէ ինչո՞ւ ես իմ ձայնը կը բարձրացնեմ անոր փոխարէն, քանի որ ան զրկուած է այդ կարելիութենէն: Միջազգային հանրութիւնը չի կրնար շարունակ իր հայեացքը շրջել, զբաղիլ «այլ առաջնահերթութիւններով» եւ թոյլ տալ, որ Ազերպայճան օգտուի այս անպատժելիութենէն՝ գործելու եւ իր երկիրը դրական լոյսի ներքոյ ներկայացնելու համար՝ COP29-ը օգտագործելով:
Իւրաքանչիւր օր, որ հայերը կ՚անցընեն բանտին մէջ, խարան է մեր հաւաքական խղճին վրայ: Ամէն վայրկեան, որ մենք լռութիւն կը պահպանենք, ժամանակ կու տանք անոնց, որոնք կ՚օգտուին ատկէ՝ կեանքեր, մշակոյթներ եւ ամբողջական ինքնութիւններ բնաջնջելու համար: Ժամանակն է խախտելու այս քար լռութիւնը։
Ես ամբողջ պատասխանատւութեամբ կ՚ըսեմ, թէ մասնակցիլ Պաքուի մէջ կայացող COP-ին՝ առանց մարդկային իրաւանց հարցերուն անդրադառնալու, կը նշանակէ՝ մեղսակից դառնալ այդ ժողովին Պաքուի կողմէ քաղաքական նպատակներով իբրեւ գործիք օգտագործման: Օգտագործելով COP-ը՝ Պաքու կը շարունակէ վարկաբեկել զայն, որ պէտք է հարթակ հանդիսանար մարդկութեան ընդհանուր մարտահրաւէրներու միջազգային համագործակցութեան իրականացման:
Քանի տակաւին COP29-ը կը շարունակուի՝ դեռ ժամանակ կայ գործելու: Պաքու գտնուողները կրնան պահանջել այցելել պատանդներուն եւ կոչ ընել ազատ արձակելու զանոնք: Ուրիշներ կրնան ճնշում բանեցնել առաջնորդներու վրայ՝ Ազերպայճանէն երաշխիքներ պահանջելով, մերժելով այդ երկրի անպատժելիութիւնը։ Եւ ի վերջոյ, պահանջելով անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակել հայ պատանդները:
Երբ COP-ը աւարտի արդէն ուշ պիտի ըլլայ»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։