Դեբեդ գետի յորդելուն հետեւանքով Լոռիի մարզին մէջ ջրամոյն եղած են տուներ, փլած են ճամբաներ, կամուրջներ։ Նախնական տուեալներով՝ կայ մէկ զոհ։
Վտանգաւոր տարածքներէն տարհանուած է 232 քաղաքացի՝ Տաշիրէն, Ալավերտիէն, Դիլիջանէն, Այրում եւ Հաղարծին բնակավայրերէն, Սանահին կայանէն։
Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարարութիւնը ներկայացնելով փակ ճամբաները, առաջարկած է այլընտրանքային ճամբաներ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։