Դեսպանուհի Անն Լույօ.– ԼՂ-ի ժառանգութեան պահպանութիւնը քննարկուած է Մաքրոնի, Փաշինեանի եւ Ալիեւի հանդիպումին
Յուլիս 11-ին, Հայաստանի մէջ ժառանգութեան վերականգնման ու այդ բնագաւառի մասնագէտներու վերապատրաստութեան ծրագրին նուիրուած մամլոյ ասուլիսին, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանուհի Անն Լույօ, ի միջի այլոց յայտարարած է թէ՝ Ֆրանսա անհրաժեշտ կը նկատէ Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային ժառանգութեան հարցով զբաղիլ եւ այդ նիւթը ԻՒՆԷՍՔՕ-ի իրաւասութեան ներքոյ կը գտնուի։
“Մեր երկրի նախագահը արտայայտուած եւ ըսած է, թէ կը յուսայ որ Ֆրանսայի ջանքերը արդիւնաւէտ կ՚ըլլան ստեղծելու համար այնպիսի պայմաններ, որ ի վերջոյ, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի առաքելութիւնը իրականութիւն դառնայ”,– նշած է դեսպանուհին, ընդգծելով որ այս հարցը քննարկուած է Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարներու Փետրուար 4-ին տեղի ունեցած հանդիպումին։
“Մենք կը կարծենք, որ լաւագոյն ձեւաչափը ԼՂ-ի ժառանգութեան վերաբերեալ, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ձեւաչափն է: Մենք կը շարունակենք ջանքեր գործադրել, որ ԻՒՆԷՍՔՕ-ն ներգրաւուի այս հարցին մէջ”,– ըսած է ֆրանսացի դիւանագէտը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։