Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-րդ յոբելինական տարեդարձին կապակցութեամբ, ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպանուհի Լին Թրեյսի «Արմէնփրէս»-ին տուած հարցազրոյցին, ի միջի այլոց, անդրադարձած է Արցախեան հակամարտութեան հարցին։ Ան յայտնած է, թէ իր երկիրը համոզուած է, որ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի խաղաղ, ժողովրդավարական եւ բարեկեցիկ ապագայի համար առանցքային նշանակութիւն ունի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան առնչուող կամ անկէ բխող չլուծուած հարցերու բանակցային, համապարփակ եւ կայուն կարգաւորումը:
“Անշուշտ, ԱՄՆ-ու դիրքորոշումն այն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը տակաւին կը մնայ անլոյծ”,– վերահաստատած է դեսպանուհին՝ ընդգծելով, որ հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի:
Լին Թրեյսիի համաձայն՝ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը առանցքային գործօն է, սակայն համապարփակ խաղաղութեան հասնելու համար միջազգայնօրէն ճանչցուած միակ սկզբունքը չէ: Այդ իմաստով Ուաշինկթընի մէջ համոզուած են, որ հակամարտութեան խնդիրները պէտք է կարգաւորուին բանակցութիւններու միջոցով ու համապարփակ լուծումով՝ հիմք ընդունելով հողային ամբողջականութեան, ժողովուրդներու ինքնորոշման եւ ուժի բացառման միջազգայնօրէն ճանչցուած սկզբունքները:
Ան շեշտած է, թէ ԱՄՆ կը խրախուսէ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւնները, եւ պատրաստ է ներգրաւելու այդ գործընթացին մէջ, երկկողմ ձեւաչափով եւ համախոհ երկիրներու հետ, այդ կարգին՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահ:
Նոյն հարցազրոյցին, ԱՄՆ-ու դեսպանուհին անդրադարձած է Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններու վերջին 30 տարուան ընդհանուր հոլովոյթին եւ հեռանկարներուն:
Ան ըսած է, թէ իր երկիրը յանձնառու է աջակցելու Հայաստանի ժողովրդավարական եւ տնտեսական բարեփոխումներու օրակարգին եւ ըլլալու Հայաստանի գործընկերը այդ նպատակներուն հասնելու ճանապարհին:
“Մենք յանձնառու ենք օգնելու հայ ժողովուրդին՝ կառուցելու այնպիսի ապագայ, որուն հիմքին կը գտնուին ընդհանուր ժողովրդավարական արժէքները, ու այն ճանապարհը, որ հայ ժողովուրդը ընտրեց 2018-ին եւ անգամ մը եւս վերահաստատեց 2021-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն”,– ընդգծած է տիկին Թրեյսի։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։